image

Արթուր Դաւթեան Եւրոպայի եռակի ախոյեան

Արթուր Դաւթեան Եւրոպայի եռակի ախոյեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան դարձաւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերացիան։

Յենացատկի եզրափակիչին ան հաւաքած է 14,799 միաւոր եւ դարձած ոսկէ մետալակիր:

Նշենք, որ մարմնամարզութեան Եւրոպայի մեծահասակներու ախոյեանութիւնը կը կայանայ Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականն արդէն նուաճած է 2 ոսկէ, 1 արծաթէ եւ 1 պրոնզէ մետալներ։

Նշենք, որ  Համլեթ Մանուկեան նժոյգ թափեր վարժութեան մէջ դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, Մամիկոն Խաչատրեան նուաճած է արծաթ, իսկ Արթուր Աւետիսեան դարձած է պրոնզէ մետալակիր։