image

Թուրքիա. «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւն կ՚ուզէ Էրտողանը նախագահի թեկնածու առաջադրել 3–րդ ժամկէտով

Թուրքիա. «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւն  կ՚ուզէ Էրտողանը նախագահի թեկնածու առաջադրել 3–րդ ժամկէտով

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (Ak Parti) կուսակցութիւնը կը քննարկէ երկրի գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը խորհրդարանի միջոցաւ նախագահի թեկնածու առաջադրելու տարբերակը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին՝ յղում ընելով թրքական իշխանամէտ «Türkiye» թերթին։

Արդարադատութեան նախարար Եիլմազ Թունչ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Էրտողանը կրնայ երրորդ անգամ ալ մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն, եթէ խորհրդարանը որոշէ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել: Արտահերթ ընտրութիւններ յայտարարելու համար 360 պատգամաւորի ձայն անհրաժեշտ է, խոշորագոյն ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնն այս պահուն ունի 127 մանտաթ, իսկ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 315:

«Սահմանադրութեան համաձայն՝ նախագահ Էրտողան նորէն առաջադրուելու երկու ճամբայ ունի։ Կա՛մ խորհրդարանը որոշում կը կայացնէ ընտրութիւններու մասին, կա՛մ կը փոխուի Սահմանադրութեան 101-րդ յօդուածը («Նախագահի թեկնածութիւն եւ ընտրութիւն)»: Իշխող կուսակցութեան կարծիքով՝ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու փոխարէն Էրտողանի համար թեկնածու դառնալու աւելի խելամիտ միջոց է ընտրութիւններուն մասին եւս որոշման մը ընդունումը խորհրդարանի կողմէ»,- յայտնած է պարբերականը։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան 2017-ի հանրաքուէի բերումով նախագահական հանրապետութիւն դարձած է: Ներկայ Սահմանադրութեան համաձայն՝ պետութեան ղեկավարը կրնայ պաշտօնավարել ոչ աւելի, քան երկու ժամկէտ անընդմէջ։ Մայիս 2023-ին Էրտողանը 5 տարիով վերընտրուեցաւ երկրորդ անգամ։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները նախընտրական քարոզարշաւով կը պնդէին, որ իրականութեան մէջ խօսքը երրորդ ժամկէտի մասին է, քանի որ Էրտողան 2014-2018 թուականներուն եղած է նախագահ, բայց խորհրդարանական հանրապետութեան օրօք: