image

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Միացեալ Նահանգներ պիտի  մեկնի

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Միացեալ Նահանգներ պիտի  մեկնի

՚Պոլսոյ Նորին Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքը Յունիսի վերջին օրերուն Ամերիկա պիտի այցելէ, որու ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքին հետ եւ եկեղեցիներուն մէջ պիտի նախագահէ Կիրակնօրեայ Պատարագներու։

Այս մէկը Նորին Ամենապատուութեան անդրանիկ այցելութիւնն է դէպի Ամերիկա։  

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ս. Յարութեան տօնի առիթով Պատրիարքարանի մէջ սարքուած համայնքային ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուցած էր որ Յունիսի վերջին օրերուն Ամերիկա պիտի այցելէր։

Այցելութիւնը յստակացած է։ Հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, Պատրիարք Հայրը Յունիսի վերջին շաբաթը Ամերիկա պիտի այցելէ։ Պատրիարքական գահուն վրայ բազմելէ ետք այս մէկը Նորին Ամենապատուութեան անդրանիկ այցելութիւնն է դէպի Ամերիկա։ Լոս Անճէլըսէն ետք Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ Պոսթընը ներառող այցելութեան ընթացքին Մաշալեան Պատրիարքը հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքին հետ, եկեղեցիներուն մէջ պիտի նախագահէ Կիրակնօրեայ Պատարագներու եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։

Այցելութեան ծրագրին մէջ ներառնուած է ՄԱԿի կեդրոնակայան այցելութիւնը։ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերը յատուկ յանձնախումբեր հիմնած են Պատրիարք Հայրը հիւրընկալելու համար։