image

Հալէպի մէջ. Հ.Բ.Ը.Մ. ՀԵԸ-ի նորընտիր մարմինը՝ Առաջնորդ Սրբազանին այցելեց

Հալէպի մէջ. Հ.Բ.Ը.Մ. ՀԵԸ-ի նորընտիր մարմինը՝ Առաջնորդ Սրբազանին այցելեց

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Մարմինը։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անոնք անդրադարձած են ընկերակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Հինգշաբթի, 8 Մայիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան նորընտիր Գործադիր Մարմինը։

Գործադիր Մարմինի անդամները եկած էին Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անոնք անդրադարձան ընկերակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Գործադիր Մարմինի անդամները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնելով՝ առաւել ուժ, կորով եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց անոնց։

Սրբազան Հայրը այցելուներուն նուիրեց «Սրտաբուխ Աղօթաշար» խորագիրը կրող իր նորատիպ գիրքը։