image

Կաթողիկոսական ընտրութիւններ եւ օրուան իշխանութիւնները. Գրեց՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Կաթողիկոսական ընտրութիւններ եւ օրուան իշխանութիւնները. Գրեց՝ Դոկտ. Արա Սանճեան

Ամերիկահայ ակադեմական գործիչ, համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան կը գրէ՝

Վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնը թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (այսինքն՝ օրուան իշխանութիւը - Ա.Ս.) պէտք է վճռորոշ ձայն ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ, ոչ այլ ինչ է քանի իր ցանկութիւնը շարունակելու - եթէ առիթը իրեն ներկայանայ - «աւանդոյթ» մը, որ ետ կ՛երթայ մինչեւ Դ. դարու սկիզբը՝ Տրդատ Մեծ թագաւոր։

Կաթողիկոսի նստավայրին վրայ քաղաքական իշխանութիւն բանեցող գրեթէ բոլոր իրերայաջորդ տիրակալները, հայ եւ ոչ-հայ՝ 1700 տարի, միջամտած են յաջորդական կաթողիկոսներու ընտրութիւններուն, սովորաբար պարտադրած իրենց նախընտրած թեկնածուն։ Ռուս ցարերը նոյնիսկ օրինականացուցած էին այդ միջամտութիւնը՝ պահանջելով, որ ընտրող մարմինը Ս. Պետերբուրգ ուղարկէ ամենաշատ քուէներ հաւաքած ԵՐԿՈՒ թեկնածուներու անունները, որոնցմէ ցարը կ՛ընտրէր մէկը որպէս Էջմիածնի կաթողիկոս, եւ իր ընտրութիւնը անբեկանելի էր։

Խորհրդային տարիներուն, Խորէն Ա.ի ընտրութեան ժամանակ համայնավար իշխանութեան միջամտութիւնը մեծ չէր, քանի որ ... այդ ժամանակ խորհրդային իշխանութեան նպատակը տակաւին ԲՈԼՈՐ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ բնաջնջելն էր։ Կարեւոր չէր թէ ո՛վ կը գլխաւորէր արմատախիլ ըլլալիք հաստատութիւն մը։

Երբ այդ քաղաքականութիւնը փոփոխութիւն կրեց, ու Քրեմլինը նախընտրեց պահել որոշ կրօնական կառոյցներ՝ նաե՛ւ զանոնք իր արտաքին քաղաքականութիւնը քարոզելու աշխատանքին լծելու համար, պետական միջամտութիւնը մեծ եղաւ Գէորգ Զ.ի եւ Վազգէն Ա.ի ընտրութիւններուն ժամանակ։

Նոյն աւանդոյթը շարունակեցին նախագահ Տէր Պետրոսեանը (Գարեգին Ա.ի ընտրութեան օգտին հրապարակային կոչով ու դիւանագիտներու եւ նախարարներու տրուած հրահանգներով) եւ մի քանի տարի ետք՝ նախագահ Քոչարեանն ու վարչապետ Սարգսեանը (նոյնաբնոյթ աշխատանք տանելով յօգուտ Գարեգին Բ.ի)։

Գալով Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն, անոնք` իրենց ընտրութենէն ետք, պէտք է պաշտօնական berat ստանային սուլթանէն՝ նախքան իբրեւ պատրիարք կարենալ պաշտօնավարելը։ Կ՛ենթադրեմ հանրապետական Թուրքիոյ ներկայ օրէնսդրութիւնը շատ տարբեր պէտք չէ ըլլայ օսմանեան նախադէպէն։

Շարունակելով օսմանեան աւանդոյթը, 1950ականններուն Յորդանանի թագաւորը մերժեց berat շնորհել ընտրեալ պատրիարք Տիրան արք. Ներսոյեանին, զինք արտաքսեց երկրէն, եւ իր նախընտրած թեկնածուն՝ Եղիշէ արք. Տէրտէրեանը, զինուորներու պաշտպանութեամբ ուղարկեց Երուսաղէմի հայոց վանք, պարտադրեց անոր ընտրութիւնը։

Վազգէն Ա. վեհափառը, որ նախապէս փիլոնզրկած էր Տէրտէրեանը, ստիպուեցաւ համակերպիլ, ներում շնորհել Տէրտէրեանին ու զինք ճանչնալ իբրեւ պատրիարք...

Երկու կամ երեք տարի առաջ, երբ հրապարակ ելաւ այսպէս կոչուած Կովերու Պարտէզը 99 տարիով վարձակալութեան տալու գործարքը, պաղեստինեան իշխանութիւնները յայտարարեցին թէ իրենք դադրած են ճանչնալ Նուրհան արք.ի պատրիարքական հանգամանքը։ Եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն...

2018-ի յեղափոխութեան ժամանակ, եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու խնդիրը հասարակութեան խանդավառութիւնը խթանող կարեւոր հարցերէն մէկը չէր, բայց այսօր ինքզինք յեղափոխութեան կերտիչ ու զաւակ համարող իշխանութիւնը կը հաստատէ իր պատրաստամութիւնը հաւատարիմ մնալու Արշակունի եւ Սասանեան արքաներուն եւ անոնց յաջորդած տարբեր վարչակարգերու «նուիրականացուցած» քաղաքական գործելաոճին...