image

Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հիւրընկալած է համահայկական ձմեռնային խաղերու Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ներկայացուցիչները

Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հիւրընկալած է համահայկական ձմեռնային խաղերու Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ներկայացուցիչները

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հիւրընկալած է համահայկական ձմեռնային խաղերու Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի լիազօր ներկայացուցիչ Ատուր Ադամեանն ու Ռաֆֆի Սարգիսեանը, որոնք անցնող շաբաթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Երկուշաբթի, 17 Փետրուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց համահայկական ձմեռնային խաղերու Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի լիազօր ներկայացուցիչ Ատուր Ադամեանն ու Ռաֆֆի Սարգիսեանը, որոնք անցնող շաբաթներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերուն։

Այցելուները անդրադարձան համահայկական ձմեռնային խաղերուն ճատրակի մարզաձեւով իրենց ունեցած մասնակցութեան։ Ատուր Ադամեան յայտնեց, թէ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի նախագահին ձեռամբ արժանացած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի լիազօր ներկայացուցիչի վկայականի։ Այցելուները, որդիական զգացումներով, Սրբազան Հօր նուիրեցին համահայկական ձմեռնային 2-րդ խաղերու յուշանուէրը։

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնելով գնահատեց գամիշլիահայ մարզիկներուն բերած աշխոյժ մասնակցութիւնը համահայկական խաղերուն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց անոնց։