image

«Միշտ յիշենք, որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս».Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան

«Միշտ յիշենք, որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս».Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան

Օրերս Արցախի Բերձոր շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն: «Արեւելք» այս մասին գրած էր մանրամասն։

 Սոյն արարողութեան ընթացքին մկրտուած են 60 մեծ ու կրտսեր հայեր ներկայութեամբ՝ Արցախի Թեմի առաջնորդին Տ. Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին, քահանայ հայրերուն  եւ գիւղապետ՝ Անդրանիկ Չաւուշեանին: Մկրտութեան կնքահայրն ու կնքամայրը եղած են Ֆրեզնոյէն ժամանած բժիշկներու առաքելութեան խումբի նախաձեռնող, բժիշկներ՝ Վաչէ Վասիլեան եւ տիկինը մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան:

Այս առիթով «Արեւելք» հարցազրոյց ունեցաւ Տէր եւ տիկին Վասիլեաններուն հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ին ունեցած հարցազրոյցը մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեանի հետ:

- Արցախեան պատերազմէն ետք մտահոգիչ էր թերեւս Արցախ երթալ: Դուք ի՞նչ զգացումներով  հասաք  «Աղաւնօ»։

Մենք ասկէ առաջ երբ ամէն տարի կու գայինք Հայաստան, անպայման Արցախ կ'երթայինք, հետեւաբար այս տարի ալ նոյն ձեւով պէտք է այցելէինք Արցախ: Չեմ գիտեր ինչու, բայց երբեք վախ չզգացի: Նոյնիսկ երբ հասայ մեծ տարբերութիւն մը չզգացի կարծես ամէն տարուայ պէս կ'երթայի: 

Եւ որովհետեւ որոշուած էր կնքել Աղաւնոյի մեր հայրենակիցները ուզեցի մօտէն ծանօթանալ իրենց: Ես իմ գործի բերումով, մանկաբոյժ եմ, ուզեցի խօսիլ փոքրիկներուն հետ: Անոնց մէջ կային շատեր, որոնք շատ դիւրիւն սկսան խօսիլ եւ կիսուիլ: Իսկ աւելի երիտասարդ աղջիկները հեռուէն կը դիտէին մեզի, հետեւաբար ես մօտեցայ իրենց եւ սկսայ զրուցել ու հարցումներ տալ: Զգացի թէ այդ աղջիկներէն մաս մը պահպանողական էին, ենթադրեցի այլ  պատճառներով։

 Այդ պահուն ալ  պատկերը  համեմատեցի Միացեալ Նահանգներու մէջ առկայ  պատկերին հետ ու  մտածեցի ՝ աշխարհը ինչ փոքրիկ է։

Մարդիկ  նոյնն են ամէն տեղ, այդ պատմութիւնները հաւասարապէս ամէն տեղ ալ կան, ըլլայ պատերազմի, աղքատութեան կամ հարստութեան մէջ: Այդ փոքրիկները , որոնք ընտանեկան խնդիրներ ունեցած են, աւելի ինքնամփոփ են եւ կը զգան թէ օգնող չունին: Ամէն ընտանիքի մէջ կրնայ պատահիլ հարցեր, բայց հայ ընտանիքները պէտք է յաղթահարեն ու զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ շատ կ'ազդէ ատիկա փոքրերուն վրայ:

- Դուք, Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք, ի՞նչ պիտի պատմէք ձեր շրջապատին կամ ձեր ամերիկացի գործընկերներուն: Եթէ հարցնեն Հայաստանի մասին ի՞նչ պիտի ըսէք։

Պիտի ըսեմ թէ հայ ժողովուրդը դիմադրելու քաջութիւնը ունի, եւ կ'աշխատի լաւանալ: Ճիշդ է, որ սկիզբը  բոլորս յուսահատութիւն ապրեցանք, որովհետեւ եղածը դիւրիւն չէր, բայց հայերուն մէջ այդ ուժն ու կորովը կայ եւ անպայման : Մենք ալ այդ պատճառով հոս ենք, իրար յոյս ներշնչելու եւ քաջ ըլլալու: Երբ Գիւմրի էի, այցելեցի հայ մեծերու ՝ Իսահակեանի եւ Շիրազի տուն-թանգարանները ու այնտեղ կարդացի Շիրազի տողերը թէ ինչպէս մենք մեր զօրութիւնը կը ստանանք Արարատէն, եւ այդ խօսքերը ինծի կրկին ուժ տուին: Երբ մենք դժուարութիւններու հանդիպինք կամ մեր գործերը ծանր ըլլան պէտք է միշտ յիշենք որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս: 

Աղաւնոյի  մկրտութեան  արարողութեամբ,  ուզեցինք  այնպիսի  բան  մը ընել, որ արտայայտէ յոյս ու վերականգնում: Մենք ալ այդ պատճառով հոս ենք, իրար յոյս ներշնչելու եւ քաջ ըլլալու:

Երբ Գիւմրի էի, այցելեցի հայ մեծերու ՝ Իսահակեանի եւ Շիրազի տուն-թանգարանները ու այնտեղ կարդացի Շիրազի տողերը թէ ինչպէս մենք մեր զօրութիւնը կը ստանանք Արարատէն, եւ այդ խօսքերը ինծի կրկին ուժ տուին: Երբ մենք դժուարութիւններու հանդիպինք կամ մեր գործերը ծանր ըլլան պէտք է միշտ յիշենք որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս: