ՆԱԹՕ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ յայտարարած է, որ դաշինքի երկիրները պէտք չէ վախնան «Վլատիմիր Փութինի միջուկային զէնքէն»:
Ան հաւաստիացուցած է, որ ՆԱԹՕ-ն կրնայ պատասխանել ցանկացած սպառնալիքի։
Այս մասին Մարք Ռիւթէ ըսած է Sky News-ին տուած հարցազրոյցին։
Ան ըսած է, որ յաջորդ շաբաթ սկսող ՆԱԹՕ-ի տարեկան միջուկային զօրավարժութիւնները «յստակ ազդանշան կ'ուղարկեն հակառակորդներուն, որ մենք պատրաստ ենք արձագանգել ցանկացած սպառնալիքի»:
«ՆԱԹՕ-ն ուժեղ է. մենք կրնանք դիմակայել ցանկացած թշնամի:
Մենք ունինք այն ամէնը, ինչ մեզի անհրաժեշտ է ՆԱԹՕ-ն ապահով եւ անվտանգ պահելու համար:
Մեզ երբեք չի վախցներ ՆԱԹՕ-էն դուրս որեւէ մէկը, որ կը փորձէ սպառնալ մեզի։
Այնպէս որ, սա անօգուտ է, աւելի լաւ կ'ըլլար, եթէ ան (Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութին-խմբ.) դադրեցնէր այդ»,- ընդգծած է Ռիւթէ։
Հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիան կը թուլնայ այն փաստով, որ դաշնակիցները, մասնաւորապէս՝ Մեծ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները, դեռ թոյլտուութիւն չեն տուած օգտագործելու իրենց հեռահար զէնքերը Ռուսիոյ տարածքին մէջ, Ռիւթէ պատասխանած է. «Ես վստահ չեմ, որ այդ այդպէս է»:
«Այստեղ հիմնական խնդիրն այն է, որ ռազմական օգնութիւնը շարունակէ հոսիլ դէպի Ուքրանիա, որպէսզի մենք նաեւ մեծցնենք արդիւնաբերական արտադրութիւնը Ուքրանիոյ մէջ եւ օգնենք անոնց այդ նիւթատեխնիկական ապահովման հարցով։
Մէկ զինատեսակ համակարգը չի փոխեր պատերազմի ելքը»,- ըսած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը։