image

«Միշտ յիշենք, որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս».Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան

«Միշտ յիշենք, որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս».Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան

  

 

«Միշտ յիշենք, ոՕրերս Արցախի Բերձոր շրջանի Աղաւնօ գիւղին մէջ տեղի ունեցած է հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն: «Արեւելք» այս մասին գրած էր մանրամասն։

 Սոյն արարողութեան ընթացքին մկրտուած են 60 մեծ ու կրտսեր հայեր ներկայութեամբ՝ Արցախի Թեմի առաջնորդին Տ. Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին, քահանայ հայրերուն  եւ գիւղապետ՝ Անդրանիկ Չաւուշեանին: Մկրտութեան կնքահայրն ու կնքամայրը եղած են Ֆրեզնոյէն ժամանած բժիշկներու առաքելութեան խումբի նախաձեռնող, բժիշկներ՝ Վաչէ Վասիլեան եւ տիկինը մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեան:

Այս առիթով «Արեւելք» հարցազրոյց ունեցաւ Տէր եւ տիկին Վասիլեաններուն հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ին ունեցած հարցազրոյցը մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան-Վասիլեանի հետ:

- Արցախեան պատերազմէն ետք մտահոգիչ էր թերեւս Արցախ երթալ: Դուք ի՞նչ զգացումներով   հասաք  «Աղաւնօ»։

Մենք ասկէ առաջ երբ ամէն տարի կու գայինք Հայաստան, անպայման Արցախ կ'երթայինք, հետեւաբար այս տարի ալ նոյն ձեւով պէտք է այցելէինք Արցախ: Չեմ գիտեր ինչու, բայց երբեք վախ չզգացի: Նոյնիսկ երբ հասայ մեծ տարբերութիւն մը չզգացի կարծես ամէն տարուայ պէս կ'երթայի: 

Եւ որովհետեւ որոշուած էր կնքել Աղաւնոյի մեր հայրենակիցները ուզեցի մօտէն ծանօթանալ իրենց: Ես իմ գործի բերումով, մանկաբոյժ եմ, ուզեցի խօսիլ փոքրիկներուն հետ: Անոնց մէջ կային շատեր, որոնք շատ դիւրիւն սկսան խօսիլ եւ կիսուիլ: Իսկ աւելի երիտասարդ աղջիկները հեռուէն կը դիտէին մեզի, հետեւաբար ես մօտեցայ իրենց եւ սկսայ զրուցել ու հարցումներ տալ: Զգացի թէ այդ աղջիկներէն մաս մը պահպանողական էին, ենթադրեցի այլ  պատճառներով։

 Այդ պահուն ալ  պատկերը  համեմատեցի Միացեալ Նահանգներու մէջ առկայ  պատկերին հետ ու  մտածեցի ՝ աշխարհը ինչ փոքրիկ է։

Մարդիկ  նոյնն են ամէն տեղ, այդ պատմութիւնները հաւասարապէս ամէն տեղ ալ կան, ըլլայ պատերազմի, աղքատութեան կամ հարստութեան մէջ: Այդ փոքրիկները , որոնք ընտանեկան խնդիրներ ունեցած են, աւելի ինքնամփոփ են եւ կը զգան թէ օգնող չունին: Ամէն ընտանիքի մէջ կրնայ պատահիլ հարցեր, բայց հայ ընտանիքները պէտք է յաղթահարեն ու զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ շատ կ'ազդէ ատիկա փոքրերուն վրայ:

- Դուք, Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք, ի՞նչ պիտի պատմէք ձեր շրջապատին կամ ձեր ամերիկացի գործընկերներուն: Եթէ հարցնեն Հայաստանի մասին ի՞նչ պիտի ըսէք։

Պիտի ըսեմ թէ հայ ժողովուրդը դիմադրելու քաջութիւնը ունի, եւ կ'աշխատի լաւանալ: Ճիշդ է, որ սկիզբը  բոլորս յուսահատութիւն ապրեցանք, որովհետեւ եղածը դիւրիւն չէր, բայց հայերուն մէջ այդ ուժն ու կորովը կայ եւ անպայման պիտի վերականգնինք։

Աղաւնոյի  մկրտութեան  արարողութեամբ,  ուզեցինք  այնպիսի  բան  մը ընել, որ արտայայտէ յոյս ու վերականգնում: Մենք ալ այդ պատճառով հոս ենք, իրար յոյս ներշնչելու եւ քաջ ըլլալու:

Երբ Գիւմրի էի, այցելեցի հայ մեծերու ՝ Իսահակեանի եւ Շիրազի տուն-թանգարանները ու այնտեղ կարդացի Շիրազի տողերը թէ ինչպէս մենք մեր զօրութիւնը կը ստանանք Արարատէն, եւ այդ խօսքերը ինծի կրկին ուժ տուին: Երբ մենք դժուարութիւններու հանդիպինք կամ մեր գործերը ծանր ըլլան պէտք է միշտ յիշենք որ մենք զօրաւոր ենք մեր լեռներուն պէս: