Արցախի Աղաւնօ գիւղի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է հաւաքական մկրտութեան կարգ: Արարողութեան հանդիսապետն էր Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը: Մկրտուած են Աղաւնոյի եւ շրջակայ բնակավայրերուն մէջ ապրող 60 հոգի: Արարողութիւնը տեղի ունեցած է ամերիկահայ համայնքային գործիչ Վաչէ Վասիլեանի հովանաւորութեամբ:
Սփիւռքահայերու «ԱՐԻ» ներդրումային ծրագրին շնորհիւ հիմնադրուած Աղաւնօ գիւղը Աղաւնօ գետի ափին է՝ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի հարեւանութեամբ. Ստեփանակերտ տանող ճանապարհին հանդիպող առաջին գիւղն է։ Արարողութեան կազմակերպիչները նշած են այս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գիւղի բնակիչներուն հայ քրիստոնէական աւանդոյթներով հողին կառչած պահելու անհրաժեշտութիւնը: