Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի կինը՝ Միշել Օպաման, անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահի թեկնածու առաջադրուելու հաւանականութեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին Միշել Օբաման նշած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ չէ կին նախագահ ունենալու։
«Ցաւօք, ինչպէս տեսանք անցած ընտրութիւններուն, մենք պատրաստ չենք։ Այդ պատճառով՝ մի ակնկալեք իմ թեկնածութեան առաջադրումը։ Դուք պատրաստ չէք կին նախագահ ունենալու, ի զուր մի խլեք իմ ժամանակը»,- նշած է Միշել Օպաման։
ԱՄՆ նախկին առաջին տիկինը աւելցուցած է, որ բազմաթիւ տղամարդիկ մինչեւ օրս չեն ընկալեր, որ իրենց կրնայ կին ղեկավարել։