Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ՝ քննարկելու տարածաշրջանային զարգացումները եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներու սրման վերաբերեալ հարցեր։ Այս մասին կը հաղորդէ IRNA գործակալութիւնը։
Նշուած է, որ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծած են տարածաշրջանի պետութիւններու միջեւ համակարգումը բարելաւելու կենսական անհրաժեշտութիւնը՝ «Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու դէմ ուղղուած ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ պատերազմ հրահրող գործողութիւններուն հակազդելու համար»։
Արաքչի վերահաստատած է Իրանի անսասան յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու Լիբանանի ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը իսրայէլեան ոտնձգութիւններէն՝ միաժամանակ «լիակատար աջակցութիւն յայտնելով լիբանանեան դիմադրութեան՝ բռնագրաւման եւ յարձակումներուն դիմակայելու հարցով»։
Իր կարգին, Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանին՝ շարունակական աջակցութեան համար եւ տեղեկացուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակի մասին։ Ան ընդգծած է «միջազգային հանրութեան եւ իսլամական երկիրներու իրաւական ու բարոյական պատասխանատուութիւնը՝ կասեցնելու Իսրայէլի կողմէ խախտումները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորները»։
Յունիս 26-ին Իսրայէլ եւ Լիբանան Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, շրջանակային համաձայնագիր ստորագրած են, որուն համաձայն՝ իսրայէլացի զինուորականները փուլ առ փուլ պիտի հեռացնեն իրենց ուժերը Լիբանանի հարաւը գտնուող իրենց գրաւած դիրքերէն, որմէ ետք Լիբանանի զինուորականները պիտի վերահսկեն անվտանգութեան միջոցառումները եւ «Հըզպալլա»-ի զինաթափումը։
Սակայն, հակառակ ստորագրուած համաձայնագիրին՝ Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւորել Լիբանանի հարաւային շրջանները։