image

Հայաստանի հետ սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր.Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչ

Հայաստանի հետ սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր.Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչ

Հայաստանի հետ սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր, կը զարգանան հաղորդակցական նախագիծեր։ Ուաշինկթընեան գագաթնաժողովէն ի վեր մենք փաստօրէն կ՚ապրինք խաղաղութեան պայմաններու մէջ։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական սրում տեղի չէ ունեցած։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէքով, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Անոր խօսքով՝ կառավարութիւններուն եւ հասարակութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը շարունակուած է, սկսած են առեւտրատնտեսական կապեր, կը զարգանան փոխկապակցուածութեան եւ հաղորդակցութիւններու ոլորտին մէջ ծրագիրներ։

«Միեւնոյն ժամանակ, մեր հասարակութիւններէն կ՚ակնկալուի, որ անոնք նային այլ ապագայի։ Ասիկա իսկապէս պատմական հնարաւորութիւն է։ Սակայն խաղաղութիւնը կը ստեղծուի ոչ միայն քաղաքական համաձայնագիրներով։ Խաղաղութիւնը պէտք է տեսանելի եւ զգալի դառնայ գետնի վրայ, մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ»,– նշած է Էլչին Ամիրպէքով։