Մինսքը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, եթէ խօսքը կը վերաբերի Ուքրանիոյ հակամարտութեան. այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ Եւրասիական անվտանգութեան հարցերով Մինսքի II միջազգային համաժողովին:
«Այդ մէկը մեր անվտանգութեան երաշխիքներու հարցն է: Այս առումով մենք այլ բան չենք պահանջեր եւ պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ», - նշած է երկրի ղեկավարը: