Օրերս, Փարիզի մէջ հրաժեշտի երեկոյթ մը կազմակերպուած է՝ ի պատիւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոնմաջեանի, վերջինիս Ֆրանսայի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։ Երեկոյթի ընթացքին Հայաստանի դեսպանին շնորհուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) եւ «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ»-ու միութեան յուշամետալը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Ուրբաթ Նոյեմբեր 8-ին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) եւ «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ»-ու միութեան կողմէ հրաժեշտի երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ «Պետրոսեան» ճաշարանի սրահին մէջ՝ ի պատիւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոնմաջեանի, վերջինիս Ֆրանսայի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։ Ներկայ էին ֆրանսահայ համայնքային եւ եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, գրողներ, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, լրագրողներ։
Դեսպանին ուղղուած ջերմ գնահատանքի խօսքերով ելոյթներ ունեցան CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ»-ու միութեան նախագահ Վահէ Խաչերեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ պատուելի Ժոէլ Միքայէլեան, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, որոնք մեծապէս գնահատելով Տիկին Տոլմաջեանի՝ Ֆրանսայի մէջ դիւանագիտական բեղուն գործունէութիւնը, յաջողութիւն եւ բարի երթ մաղթեցին անոր Ժընեւի մէջ ստանձնած առաքելութեան համար։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտի ընդունելութեան եւ իրեն ուղղուած ջերմ խօսքերուն համար՝ դեսպանը իր կարգին բարձր գնահատեց ֆրանսահայ համայնքի կարեւոր դերը ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու զարգացման աշխատանքներուն մէջ՝ շեշտելով յատկապէս այս դժուար ժամանակաշրջանին հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութեան հրամայականը։
Երեկոյթի ընթացքին Հայաստանի դեսպանին շնորհուեցաւ CCAF-ի եւ Դեսպանութեան բարեկամներու միութեան յուշամետալը։