image

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան չեղարկած է այսօրուան նիստը ռուսական հարուածի սպառնալիքի պատճառով

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան չեղարկած է այսօրուան նիստը ռուսական հարուածի սպառնալիքի պատճառով

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան չեղարկած է նոյեմբեր 22-ին նախատեսուած նիստը ռուսական հարուածի սպառնալիքի պատճառով:

Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ պատգամաւորները նախազգուշացուցած են Ուքրանիոյ խորհրդարանի շէնքին հնարաւոր հրթիռային հարուածի մասին: Պատգամաւոր Ալեքսէյ Կոնչարենքօն յայտնած է, որ օրէնսդիրներուն յորդորած են սահմանափակել ներկայութիւնը կառավարական թաղամասի սահմաններուն մէջ:

Օրեր առաջ Ռուսիոյ օդային հարուածի սպառնալիքի լոյսին տակ Քիեւի մէջ դադրեցուած էր ԱՄՆ-ի, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Յունաստանի դեսպանութիւններու աշխատանքը, իսկ Մեծ Բրիտանիան յայտնած էր իր դիւանագէտներու անվտանգութեան հետ կապուած իրավիճակի «մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան» մասին: