image

Ըստ Պորելի. Ուքրանիոյ մէջ. Ռուսիա- Եւրոպա բախում պիտի չըլլայ 

Ըստ Պորելի. Ուքրանիոյ մէջ. Ռուսիա- Եւրոպա բախում պիտի չըլլայ 

ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը համոզմունք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ եւրոպական զօրքերու բախում Ռուսիոյ հետ պիտի չըլլայ:

«Մենք պատերազմող կողմ չենք, պատերազմի մաս չենք: Ուքրանիոյ տարածքին մէջ եւրոպական զօրքեր չկան, եւ մարտի դաշտին մէջ Եւրոպայի բախում Ռուսիոյ հետ չի սպասուիր», -ըսած է ան ՝ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոմիութեան երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին:

Պորելը հերթական անգամ ընդգծած է, որ ԵՄ-ն միայն ռազմական օգնութիւն կը ցուցաբերէ Քիեւին: