Օրերս, սպանական Սեւիլլայի մէջ, տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ տեղի ունեցած է Գատիքսի «Յիսուս Նազովրեցի (Նազարեթցի)» միաբանութեան նուիրուած յուշատախտակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Նոյեմբեր 2-ին, Սեւիլլայի մէջ տեղի ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ Գատիքսի «Յիսուս Նազովրեցի (Նազարեթցի)» միաբանութեան նուիրուած յուշատախտակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան, Գատիքսի քաղաքապետ Պրունօ Կարսիա տը Լէօն, հայ եւ սպանացի հոգեւոր հայրեր, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Հայկական ծէսով պատարագէն ետք, երգով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցած են Սեւիլլայի հայկական միօրեայ վարժարանի աշակերտները։
Յ.Գ. – Տակաւին 17-րդ դարուն Նոր Ջուղայէն հայ վաճառական եղբայրներ՝ Դաւիթ, Պօղոս եւ Յակոբ Շաքարեան, Գատիքսի Սանթա Մարիա (Սուրբ Մարիամ) եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Յիսուս Նազովրեցի մատուռին նուիրած են մկրտութեան աւազանը, խաչը, հայերէն գրառումներով սալիկներ։