image

Մինչեւ 2026-ի վերջ կ՚ակնկալուի, որ աւելի քան 140,000 մարդ կը վերադառնայ «Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր». Ալիեւ

Մինչեւ 2026-ի վերջ կ՚ակնկալուի, որ աւելի քան 140,000 մարդ կը վերադառնայ «Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր». Ալիեւ

Մինչեւ 2026 թուականի վերջ կ՚ակնկալուի, որ աւելի քան 140,000 մարդ կը վերադառնայ «Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր» (բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ-խմբ.). այս մասին Աստանայի մէջ մեկնարկած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ  Ալիեւը, յայտնած է haqqin.az-ը:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ 3 տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի պիւտճէէն արդէն 7 միլիառ տոլար ծախսուած է այդ տարածքներու վերականգնման վրայ, առնուազն 2,4 միլիառ տոլար կը նախատեսուի յատկացնել 2024 թուականին: