Մինչեւ 2026 թուականի վերջ կ՚ակնկալուի, որ աւելի քան 140,000 մարդ կը վերադառնայ «Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր» (բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ-խմբ.). այս մասին Աստանայի մէջ մեկնարկած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, յայտնած է haqqin.az-ը:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ 3 տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի պիւտճէէն արդէն 7 միլիառ տոլար ծախսուած է այդ տարածքներու վերականգնման վրայ, առնուազն 2,4 միլիառ տոլար կը նախատեսուի յատկացնել 2024 թուականին: