image
Հրատապ լուրեր:

Արեւելեան Թեմ. Մասնակցութիւն՝ “One World: One Humanity” Համագումարին

Արեւելեան Թեմ. Մասնակցութիւն՝  “One World: One Humanity” Համագումարին

Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Առաջնորդ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը համագումարին։

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Շաբաթ, 29 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ “One World: One Humanity” («Մէկ աշխարհ՝ մէկ մարդկութիւն») միջկրօնական համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը համագումարին։