Լիբանանեան հիւսիսի յայտնի ամառանոցներէն մէկուն ՝ Պըշարէ աւանին մէջ տհաճ միջադէպ մը տեղի ունեցած է: Այս մասին լուրը հաղորդեց կայքը նշելով, որ շրջանին մէջ եղած ամէնամեայ ամառնային փառատօնի աւարտին խումբ մը երիտասարդներ վէճի բռնուած են փառատօնի կազմակերպիչ ICE կազմակերպութեան պատասխանատուներուն հետ: Լեզուակռիւը զարգացած է եւ անարագական խօսքեր հնչած են «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժայի կնոջ Սէթրիտա Ժաաժային դէմ:
Լեզուակռիւը զարգանալով վերածուած է կրակոցներու, որուն հետեւանքով կազմակերպիչ մարմնի քանի մը երիտասարդներ վիրաւորուած են: Աւելի ուշ դէպքի վայր հասած են ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներ հարցը լուծելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ բնիկ Պըշարէցի Սէթրիտա Ժաաժա Պըշարէ աւանի «Արզ» փառատօնի գլխաւոր կազմակերպիչներէն է: