image

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն բողոք յայտնած է Իրանին՝ «երկրի հասցէին վիրաւորական հռետորաբանութեան համար»

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն բողոք յայտնած է Իրանին՝ «երկրի հասցէին վիրաւորական հռետորաբանութեան համար»

Պաքուի մէջ Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը երէկ՝ 1 յունուարին, կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Գերատեսչութենէն յայտնած են, որ պաշտօնական Պաքուն իր բողոքը յայտնած է Իրանին՝ կապուած «Ատրպէյճանի հասցէին վիրաւորական հռետորաբանութեան եւ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ բնակչութեան շրջանին մէջ հակաատրպէյճանական տրամադրութիւններու հրահրման հետ»:

Նշուած է, որ դեկտեմբեր 29-ին Արտեպիլի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ այաթոլլա Սէյիտ Հասան Ամելիի մասնակցութեամբ միջոցառման ժամանակ Ատրպէյճանի եւ Իլհամ Ալիեւի հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչած են։ Միջոցառումը հեռարձակուած է Իրանի հեռուստաալիքներէն մէկու եթերով:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն յայտարարած են, որ «հակաատրպէյճանական քարոզչութիւնը կը հակասէ երկկողմ յարաբերութիւններու ոգուն եւ չի նպաստեր միջպետական եւ միջանձնային յարաբերութիւններու պահպանման ու խորացման»: