Պոլսոյ Պատիրարքը կը կարծէ, որ անցեալէն պէտք է դասեր քաղել, բայց նաեւ ապրիլ օրուան հրամայականով։ Ըստ անոր` օրերը մեզի կը ստիպեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Թուրքիան լաւ յարաբերութիւններ ունենան։
Սփութնիք-Արմէնիան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ զրուցած է հայ–թրքական յարաբերութիւններու, Էջմիածնայ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ համայնքի խնդիրներուն մասին։
– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Որքանո՞վ անիկա կը համապատասխանի ժամանակի պահանջներուն։
Թուրքիոյ հայերը մշտապէս աջակցած են հայ–թրքական յարաբերութիւններ կարգավորման, սակայն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պէտք է երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ դիտարկել, քանի որ խօսքը կը վերաբերի 100 տարուան թշնամանքի։ Մեծ յաջողութիւն է նոյնիսկ խաղաղութեան մասին խօսիլը, ձեր գալը, դռները բանալը, ճանապարհները, սահմանները, դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերսկսիլը։ Այն ժամանակ Արցախի խնդիրին հետ առնչուող հարցեր կային, հիմա, երբ այդ խնդիրները չկան, կը կարծեմ` այդ պատնեշները պիտի սկսին վերանալ, եւ աւելի սերտ յարաբերութիւններ պիտի սկսին ձեւաւորուիլ։ Ի հարկէ, կը ցանկանանք, որ շուտ ըլլան անոնք, բայց պետութիւններու կեանքը, ազգային կեանքը հազարաւոր տարիներով կը չափուի։ Հետեւաբար այս գործընթացը, որ սկսած է քանի մը տարի առաջ է, ըստ իս` ճիշդ կ'ընթանայ։ Միշտ աջակցած ենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացման, որովհետեւ մենք այսպէս ըսած յատուկ տեղ ունենք հայկական աշխարհի մէջ։ Մենք ո՛չ արցախահայ ենք, ո՛չ սփիւռքահայ, այլ հայկական այն մասնիկն ենք, որ Ցեղասպանութենէն ետք մանացած ենք Թուրքիոյ մէջ, ապրած ենք Թուրքիոյ մէջ, լեզու գտած եւ պահպանած ենք մեր հաստատութիւններն ու կառոյցները մինչեւ այսօր։
Այլընտրանք չկայ, քանի որ խաղաղութեան պարագային երկու կողմն ալ կը շահի, թշնամութեան պարագային՝ կը կորսնցնէ։ Կ'ըլլայ, որ անցյալը պէտք է մոռնաս։ Դեռեւս ամբողջութեամբ չենք կրնար մոռնալ, բայց պէտք է նորը կերտելու համար նորին դիմես։ Հետեւաբար այդ իմաստութիւնը ունեցած են այստեղի հայերը, եւ ատոր շնորհիւ պահպանած ենք մեր կառոյցները, մեր հայկական կյանքը Թուրքիոյ մէջմ։ Ասիկա, օրինակ, դաս է Հայաստանի եւ Սփյիւռքի համար։ Նայեցէ՛ք դէպքերուն, որոնցմէ 100 տարիէն աւելի անցած է. ո՛չ հայերն են այդ ժամանակուան հայերը, ո՛չ թուրքերն են այդ ժամանակուան թուրքերը։ Հետեւաբար նոր պայմաններ եկած են, որոնց համեմատ` պէտք է կերտենք մեր քայլերը։ Անցեալի համար չենք կրնար ապրիլ։ Անցյալէն դասեր կը քաղենք, մենք մեր օրերով պէտք է ապրինք, եւ մեր օրերը կը ստիպեն, որ կողմերը լաւ յարաբերութիւններ ունենան։ Այսինքն՝ կա՛մ որպէս թշնամիներ իրար դէմ կը կանգնինք, կա՛մ իրարու բարեկամ կը դառնանք։
– Թուրքիոյ մէջ ալ կա՞յ հայերու հետ բարեկամանալու այդպիսի պատրաստակամութիւն։
Պատրաստակամութիւն թրքական հասարակութեան մէջ կայ, օրինակ՝ թրքերենով հայկական հարցի մասին գիրքերու պահանջարկը մեծ է։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը յոյս ունի, որ ճանապարհները պիտի բացուին, պիտի բարեկամանան։ 30 տարուան ընթացքիմ առնուազն 200 000 հայ եկաւ Թուրքիա ու գնաց, անոնք տեսան, թէ թուրքերը ինչպիսին ժողովուրդ են, ինչպէս կարելի է յարաբերիլ անոնց հետ։ Հաւանաբար թրքական կառավարութեան այսպէս ըսած ճկունութիւնն էր, որ հոս ապրող հայաստանցիները որեւէ վատ վերաբերմունք չտեսան՝ «հայաստանցի» ըսելով, «հայ» ըսելով։ Հայկական կողմի նկատմամբ վստահութիւն մը ստեղծուած է, այսինքն՝ անոնք ճանչցան, թէ ով է հայը, իսկ հայաստանցիները ճանչցան, թէ ով է թուրքը:
Հետեւաբար հաշտութիւնը դիւանագիտական մակարդակէց ժամանակի ընթացքին պիտի իջնէ կրթական մակարդակի։ Այսինքն՝ թէ՛ թուրքերը, թէ՛ հայերը իրենց դասագիրքերուն մէջ բարեկամութիւնը սնուցող տարրեր պէտք է մտցնեն, ինչը ժամանակ կը պահանջէ, որովհետեւ երկու ազգերն ալ իրենց ազգային ինքնութիւնը հիմնած են թշնամութեան վրայ։ Այսինքն՝ եթէ Հայաստանի մէջ մէկուն «թուրք» ըսես, ատիկա կռիւի պատճառ է, այստեղ էլ, եթէ երկու թուրք կը կռուին, մէկը միւսին «էրմենի» (հայ) կ'ըսէ, անոնք ալ որպէս վիրաւորանք կ'ընդունին։ Մենք պէտք է բարեկամութեամբ տասնեակ տարիներ ապրինք, որպէսզի այն հեքիաթ դառնայ։ Մենք թուրքերու հետ միասին ապրելու 1000-ամեայ փորձ ունինք։ Ուրեմն այս 1000 տարուան ընթացքին միշտ վատ բաներ չեն եղած, չէ՞։ Լաւ բաներ եղած են, եւ այդ լաւ բաներուն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ։
– Դուք` իբրեւ հայ պատրիարք, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնայ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Այսօր տեսակէտս շատ յստակ պիտի արտայայտեմ։ Հայաստանը յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք շատ տարօրինակ քաղաքական շրջան մը մտած է։ Հարուածը շատ մեծ էր, հետեւաբար այդ հարուածէն բոլոր պետական կառոյցները՝ եկեղեցին, կրթական համակարգը, մամուլը, կուսակցութիւնները, ամէն ինչ խառնուած են։ Փորձարկման մը օրինակը բերեմ. տուփի մը մէջ 100 սեւ ու կամիր մրջիւն կը դնեն, բոլորը համերաշխ կ'աշխատին, իրարու չեն խառնուիր: Յետոյ կաթիլ մը կը դնեն, ու խառնաշփոթ կը սկսի, որովհետեւ սեւերը կը մտածեն, որ կարմիրները դրած են, կարմիրները` հակառակը։
Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը իրար դէմ կը պատերազմին, որովհետեւ հայ աշխարհին եւ Արցախին հարուածած են։ Մարդիկ, առանց մտածելու, թէ ով տուած է այդ հարուածը, իրարու մեղաւոր կը համարեն։ Այս բնաբանին (համատեքստ) մէջ մենք կրնանք դիտարկել կառավարութեան եւ Էջմիածնայ հակադրութիւնը։ Անձամբ եկեղեցւոյ եւ պետութեան բախում չեմ տեսներ, բայց կայ չսահմանուած իրավունքներու խնդիր։ 30 տարուան նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները յստակեցուած չեն։ Այո՛, Սահմանադրութեան մէջ կայ, բայց շատ թոյլ է, այսինքն՝ պետութեան իրաւունքները մինչեւ ո՞ւր են, եկեղեցւոյ իրաւունքները՝ ո՞ւր, յստակ չէ։ Մեր աղօթքն է, որ խնդիրները արագ կարգաւորուին, մենք չունինք այլ բան` Մայր աթոռ ունինք, Հայաստան ունինք։ Երկուքն ալ մեզի համար սրբութիւններ են։ Այդ բախումներուն դուրսէն նայիլը հայերուս սիրտը շատ կը ցաւցնէ, կ'ուզենք, որ ատիկա բուժվի։ Եւ այդ բուժումը կ'ըլլայ, երբ այդ հաստատութիւնները իրենց տեղը սորվին, իրենց տեղը յստակեցնեն։
– Այսօր ի՞նչ դեր կը խաղայ Հայ առաքելական եկեղեցին համայնքի կեանքին մէջ։ Ինչպիսի՞ դժուարութիւններու կը բախի եկեղեցին։
Եկեղեցին Սփիւռքի, յատկապէս համայնքներու մէջ սիրտն է։ Գիտէք` երբ սաղմը մօր որովայնին մէջ կը ձեւաւորուի, նախ սիրտն կը յառաջանայ, իսկ յետոյ՝ միւս օրկանները։ Սփիւռքի մէջ այդպէս է։ Երբ սփիւռքահայերը կը տեղափոխուին, անոնց առաջին մտահոգութիւնը եկեղեցին կ'ըլլայ։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ շուրջ այլ հաստատութիւններ կը կազմաւորուին՝ երգչախումբ, աղքատախնամ հիմնարկներ, վարժարաններ եւ ակումբներ։ Այս տրամաբանութեամբ Պոլսոյ (Սթանպուլի) համայնքը 1461-ին իր պատրիարքութիւնը ստացաւ Սուլթան Մեհմէտ Բ-ի կողմէն։ Մեր համայնքը կրօնական համայնք էր, պատրիարքները ազգապետեր էին նաեւ։ Մինչ օրս գործող մեր թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ աշխարհիկ հաստատութիւններու հիմքին կանգնած է Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Հայ ազգի մէջ` յատկապես ուսումնական համակարգի մէջ, հոգին Հայ առաքելական եկեղեցին է, ընդհանրապէս քրիստոնէութիւնը։
Պահպանման տեսանկիւնէն քանի տակաւին համայնքը կայ, այդ համայնքը գիտակցաբար բոլոր մեր մարտահրաւէրներուն պատասխան կու տայ։ Այո՛, փոքրամասնութեան դժուարութիւններ կան` ամբողջ աշխարհի մէջ կայ, սակայն Թուրքիոյ մէջ յատուկ դժուարութիւն մը չենք ապրիր քրիստոնեայ ըլլալու պատճառով, մեր եկեղեցիները բաց են։ Այս քաղաքին մէջ կայ 50 հայկական եկեղեցի` 33 առաքելական, 12 հայ կաթոլիկ, 4 հայ աւետարանական։ Ուրեմն ներկայութիւնը մենք կը պահպանենք այս քաղաքին մէջ: Հետեւաբար մեր ամենամեծ դժուարութիւնը 17 վարժարանը եւ 3,000 աշակերտներուն միասին կանգուն պահելն է։ Տնտեսական դժուարութիւններ ունինք. Սթանպուլը 6 Հայաստանի չափ է՝ 18 միլիոնով, եւ այս մեծ քաղաքին մէջ հայերն ալ կը ցրուին։ Անոնց միաւորելու, անոնց ուժը հաւաքելու խնդիրներ ունինք։ Սակայն անլուծելի խնդիրներ չկան։ Փա՛ռք Աստուծոյ, ոտքի վրա ենք, իսկ Սփիւռքի պայմաններու մէջ լաւագոյն օճախներէն մէկն ենք։
–Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու թիւը այսօր որքա՞ն է, այն որքանո՞վ փոխուած է վերջին տարիներուն։ Երիտասարդներու արտահոսք կամ Սփիւռքէն հայերու վերադարձ կը նկատուի՞։
Այսօր հայերու թիւը 40-էն մինչեւ 50 հազար է, խնդիրն այն է, որ մենք չենք շատնար։ Մահացութեան եւ ծնունդի յարաբերակցութիւնը սարսափելի է` ամէն ծնած հայ երեխայի փոխարէն երեք անձ կը մահանայ: Մեր հաշուարկներով` 2050 թուականին 10 հազարով աւելի պակաս հայ կո'ւնենանք, իսկ այդ ժամանակ գործող հաստատութիւնները պահելը մեզի համար ավելի կը դժուարանայ։ Նոյնիսկ հիմա հազիւ կրնանք ատոնք լեցնել, որովհետեւ մեր համայնքը այս կառոյցները 50 համայնքէ ստացած էր, 50 դպրոց կար, հիմա 17 մնացած է։ 120,000 հայու համար նախատեսուած շինություն կար։ Բայց հիմա 40 հազարի իջած է, չես կրնար այդ կառոյցները պահել։ Եւ այդպիսի խնդիր ունինք։
– Արտագաղթ կա՞յ։
Այո՛, արտագաղթ կայ։ Ոչ միայն հայ, այլեւ թուրք երիտասարդները տնտեսական ճգնաժամի, գործազրկութեան պատճառով կ'ուզեն Արեւմուտք տեղափոխուիլ։ Հարցումներու համաձայն` Թուրքիոյ երիտասարդութեան 74%-ը իր ապագան Թուրքիոյ մէջ չի տեսներ, իսկ մեր երիտասարդութեան վրայ 2–րդ հարուածն ալ կայ` «հայ» անունը ատելութեան խօսքի վերածուած է։ Մենք՝ տարեց սերունդը, հարմարած ենք, կը դիմանանք, բայց երիտասարդներուն համար աւելի դժուար է դիմանալը, եթէ դուրսը ազգականներ ունին, աւելի դժուար է։ Գրեթէ նոյն խնդիրը կայ Հայաստանի մէջ, բայց այստեղ ապագայի խնդիրն է։ 2000-ական թուականներէն մինչեւ համավարակը մօտ 30,000 հայաստանցի կար։ Եկած էին աշխատելու, սակայն համավարակի եւ Արցախի պատերազմի ժամանակ մեծ մասամբ ետ գնացին։ Եւ մենք կը կարծենք, որ մօտ 5-6 հազար հայաստանցի մնացած է։
–Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ վիճակի մէջ են հայկական դպրոցները, մանկապարտէզները եւ մշակութային կեդրոնները։ Որքանո՞վ կը յաջողիք պահպանել հայերէնը երիտասարդներու շրջանին մէջ։
Սփիւռքի մէջ հայութեան մատուցուող ծառայութիւնները կ'ընկալուին իբրեւ ազատ ընտրութիւն։ Այսինքն՝ մենք պետութիւն չենք, որ բոլոր հայ ծնողները իրենց երեխաները մեր վարժարանները ուղարկեն։ Անոնք կրնան աւելի սուղ, աւելի լաւ քոլէճներ յաճախել։ Քաղաքը շատ մեծ է, ու երբեմն ալ ծայրամասերու մէջ ապրողները չեն կրնար հասնիլ մեր վարժարաններուն։ Մեր դռները բաց են հայերու համար, բայց անոնք ալ պէտք է ցանկութիւն ունենան։ Մեր վարժարաններուն մէջ մօտ 3,000 աշակերտ ունինք, կը կարծեմ` վատ թիւ չէ, թերեւս 1000-1500 աշակերտ ալ դուրսը կը սորվի։ Մեր երգչախումբերը, մեր պարախումբերը, մեր մշակութային ձեռնարկները կը շարունակուին։ Կայ երկու հայկական օրաթերթ՝ «Ակօս»-ը եւ «Փարոս»-ը, այսինքն՝ մենք կարողութիւնը ունինք մեր ժառանգութիւնը փոխանցելու ապագայ սերունդներուն։
– Ինչպէ՞ս կը գնահատէք համայնքի եւ թրքական իշխանութիւններու փոխյարաբերութիւնները թէ՛ տեղական, թԷ՛ համապետական մակարդակներու վրայ։
Էրտողանի իշխանութեան օրոք ե՛ւ տեղական, ե՛ւ պետական մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնները շատ լաւացան։ Մեր հիմնադրամներու իրաւունքները վերադարձուեցան, համայնքը հարստացաւ։ Այսինքն՝ մեզի լսող ականջներ կան պետութեան մէջ, մեր խնդրանքները իրականութիւն կը դառնուն, օրինակ` ամրան Նաւասարդեան խաղեր կը կազմակերպենք։ Այս տարի 10,000 մարդ մասնակցեցաւ՝ 1,500 մարզիկ` մանուկներով եւ երիտասարդներով, եւ ատոր նիւթականի հայթայթողը նաեւ պետութիւնն է։ Նաեւ քաղաքապետարանները իրենց օգնութիւնը կը տրամադրեն, այսինքն՝ այդ տեսանկիւնէն, հանրապետութեան 100-ամեայ պատմութեան լաւագոյն ժամանակահատուածն է վերջին 20 տարին: