image

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Ատրպէյճանցի գործիչներու դէմ պատժամիջոցներու առաջարկ

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Ատրպէյճանցի գործիչներու դէմ պատժամիջոցներու առաջարկ

Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC, կամ Հայկական իրաւական կեդրոն) Մակնիցքիի օրէնքին հիման վրայ, աւելի քան 40 ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պատժելու պահանջով 7 դիմումներ ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Ատրպէյճանցի գործիչները պատժելու դիմումը ներկայացուած է գործակցութեամբ՝ Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին եւ շարք մը այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնց շարքին է «Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը։

Այս դիմումները ուղղակի արձագանգ են Արցախի պատերազմին ընթացքին պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն, որոնց պատճառով Արցախի բնիկ ժողովուրդը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ։

Յիշեցնենք, որ Մակնիցքիի օրէնքը կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ սահմանել որեւէ երկրի քաղաքացիի մը կամ կառավարութեան ներկայացուցիչի մը դէմ, կաշառակերութեան, խոշտանգումներու, սպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու համար:

Հայկական իրաւական կեդրոնի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտնեց, թէ այս քայլով կեդրոնը նպատակ ունի յանցաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել իրենց ոճիրներուն համար եւ ապահովել արդարադատութեան իրականացումը։

Հայկական իրաւական կեդրոնը կ՛ընդգծէ, թէ արցախահայութեան, Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան դէմ իրականացուած վայրագութիւնները կը պահանջեն արագ եւ հաստատակամ արձագանգ՝ արդարադատութեան ապահովման եւ ապագայ վայրագութիւններ կանխելու համար:

Հայկական իրաւական կեդրոնի այս դիմումներուն զուգահեռ, Քոնկրեսին միջոցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ ճնշում կը բանեցուի՝ Պաքուի եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներու եւ հրամանատարներու դէմ պատժամիջոցներ ապահովելու նպատակով։

Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած Հայկական իրաւական կեդրոնը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է՝ արդարադատութիւն իրականացնել Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ անոր հետեւանքներէն բխող մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն համար եւ նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն: