image

Ամուսնութիւն առաջարկելու ոճը

Ամուսնութիւն առաջարկելու ոճը

1- Տարօրինակ առաջարկը

Երիտասարդ մը  օրիորդի մը ձեռքը խնդրեց եւ անմիջապէս պատասխան ուզեց: Օրիորդը պահ մը տատամսեցաւ, քանի, որ երիտասարդին բաւարար չէր ճանչնար...: Երիտասարդը, երբ հապճեպ պատասխան մը չստացաւ առանց երկար մտածելու ըսաւ. « Ես կ՚աճապարեմ. ինծի անմիջապէս պատասխանէ, քանի, որ եթէ առաջարկս մերժես, ես Օրդ. Ա-ին (անուն մականունը նշելով) ձեռքը պիտի խնդրեմ։ Օրդ. Ա-ը քեզմէ պակաս արժէքաւորը  չէ։

2- Ընկերային ցանցին մէջ ծնող- մեռնող առաջարկը։

Երիտասարդ մը ընկերային ցանցի մը վրայ օրիորդ մը տեսաւ եւ զինք մեղրածոր խօսքերով ողողեց, մինչեւ անգամ ամուսնութիւն առաջարկեց: Օրիորդը դրական պատախան մը չկրցաւ տալ եւ ինչպէ՞ս պիտի տար, եթէ անոր իսկական էութիւնը, բնաւորութեան գիծերը եւ պայմանները չէր ճանչնար: Օրիորդը կ՚ակնկալէր, որ ըստ «ընդունուած ձեւին» տղամարդը նախաձեռնութիւնը կ՚առնէր եւ խօսքերու սահմանէն անդին անցնելով, անձամբ կը ներկայանար, ինքզինք կը ծանօթացնէր եւ տեսակցութիւններ կը կայացնէր: Երիտասարդը չյայտնուելու կողքին, երկա՜ր ժամանակ անտարբերութիւն ու բացարձակ լռութիւն պահեց:

Յանկարծ անսպասելի օր մը ան իր «համրութիւնը» ընդհատեց եւ իրենց միջեւ տեսակցութիւն մը չկայանալուն պատասխանատուութիւնն ու թերացումը օրիորդին վերագրեց, իսկ ինքզինքը արդարացուց ըսելով. « Տղամարդը կ՚առաջարկէ, կինը քայլերը կ՚առնէ»։

3-Առաջարկ ընդունիլ՝ տունը չմնալու սիրոյն

Երկու ընկերուհիներ իրարու հետ կը վիճաբանէին, անոնցմէ մէկը ըսաւ. « Ե՛ս, եթէ քու տեղդ ըլլամ այդ Արմէն կոչուածին կը ձգեմ: Ինք շատ թերութիւններ եւ յաճախակի թերացումներ ունի, բայց այս վերջին արարքը խիստ վիրաւորական եւ աններելի է: Արժանապատուութիւն ունեցող օրիորդը պէտք չէ ներէ, կամ հանդուրժէ այս տեսակ անհատի մը:

-Ես պիտի ներեմ Արմէնին , քանի, որ ես նոր անձէ մը ամուսնութեան առաջարկ ստանալու յոյս չունիմ: Ես արդէն քսանութ տարեկան եմ եւ պէտք է ամուսնանամ...: Չեմ ուզեր, որ ըսեն. «Սիրանը տունը մնաց»:

4-Ձախողած առաջարկը

Երիտասարդ մը օրիորդի մը ամուսնութիւն առաջարկեց մտերմիկ ընթրիքի մը ընթացքին: Ան գրպանէն մատանի մը հանեց եւ առանց ծունկի գալու ըսաւ. « Սիրելի՛ս, կ՚ուզեմ քեզի հետ կեանքս կիսել, եթէ այո՛ ըսես ինքզինքս աշխարհի ամէնէն բախտաւոր տղամարդը կը սեպեմ»:

Օրիորդը բարկացած ոտքի կանգնեցաւ, մատանին առաւ եւ օդը շպրտեց:

-Ես այս տեսակ proposal- ին ո՛չ կ՚ըսեմ: Գնա՛ եւ սորվի՛ր, թէ ինչպէ՞ս propose կ՚ընեն: Մարդիկ իրենց սիրածին հետ եւրոպաներ կը ճամբորդեն, մեծ եւ անակնկալ հաւաք կը կազմակերպեն, ռոմանթիկ միջավայրի մէջ propose կ՚ընեն եւ հարսանիքի նման մեծ խնճոյք կը կազմակերպեն: Դո՛ւն, աշխարհէն տեղեակ չես...:

Ճաշարանին յաճախորդները խիստ զարմացած էին, ականատես ըլլալով օրիորդին հիսթերիք ելոյթին, իսկ երիտասարդը թէեւ ապշած էր..., բայց նաեւ շա՜տ գոհացած:

5- Բարեգործ ամուսնոյն առաջարկը

Երկուքն ալ բարի էին եւ քիչ մըն ալ պարզամիտ: Այնքան յարմար էին իրարու, որ Կարծես թէ «կաթսան գլորած էր ու իր կափարիչը գտած»: Օր մը ըստ սովորականին, տէր եւ տիկին կը վիճէին, երբ ամուսինը փրփրած ու բարկացած կնոջը ըսաւ. « Աղջի՛կ, դուն ո՞վ ես, ինքզինքդ  ի՞նչ կը կարծես, եթէ ե՛ս քեզի չառնէի, ո՞վ պիտի առնէր»:

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...