image

Իրան մերժած է հրադադարի ամերիկեան առաջարկ մը

Իրան մերժած է հրադադարի ամերիկեան  առաջարկ մը

Իրանը մերժած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի հրադադարի առաջարկը, որ Իրաքի վարչապետին միջոցաւ փոխանցուած է Թեհրանին։ Այս մասին գրած է The New York Times-ը՝ յղում կատարելով իրանցի եւ իրաքցի աղբիւրներու։

Իրաքի վարչապետ Ալի Ֆալեհ ալ-Զայիտի, յուլիս 23-ին Թեհրան մեկնելէ առաջ, Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած էր ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Հրատարակութիւնը նշած է, որ առաջարկուած զինադադարի մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն։

 

«Այնուամենայնիւ, իրանցի պաշտօնեաները նշած են, որ այդ սեղանի վրայ գտնուող միակ առաջարկն է, եւ իրենց կառավարութիւնը շահագրգռուած չէ ժամանակաւոր համաձայնագիրով, որ չլուծուած կը ձգէ Հորմուզի նեղուցի վերահսկողութեան հարցը»,– կը գրէ The New York Times-ը։

Իրանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ Իրաքի վարչապետը յուլիս 23-ին բարձր մակարդակի պաշտօնեաներէ բաղկացած պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ժամանած է Թեհրան։ Ան հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի, խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչիի հետ։

Արաքչի պետական հեռուստաընկերութեան հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իրաքի վարչապետը ներկայացուցած է Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան վերաբերեալ «տեսակէտներն ու տպաւորութիւնները», սակայն աւելցուցած է, որ Թեհրանն ու Ուաշինկթընը արդէն բաւարար թիւով միջնորդներ ունին։

«Խնդիրը հաղորդագրութիւններու փոխանցումը չէ։ Խնդիրը Ամերիկայի տեսակէտն է, որ անտրամաբանական, ագահ եւ վերահսկող է»,– ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։

Իրանցի երկու պաշտօնեաներ The New York Times-ին յայտնած են, որ երկրի զինուած ուժերը կը պատրաստուին պատերազմի ընդլայնման, եթէ Թրամփ գործադրէ Թեհրանը եւ երկրի կենսական ենթակառուցուածքները հարուածելու իր սպառնալիքը։

Յուլիս 23-ին Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը իր կարգին յայտարարած էր, որ այլեւս պիտի չարտօնէ այնպիսի զինադադարներ, զորս Միացեալ Նահանգները կրնայ օգտագործել իր զինանոցները վերազինելու եւ համալրելու համար։