image

Բեթղեհեմ. ՀԵՄ-ի նուիրեալ անդամուհիներէն՝ Թոնիա Ժորժէթ Նասսարի կորուստը

Բեթղեհեմ. ՀԵՄ-ի նուիրեալ անդամուհիներէն՝  Թոնիա Ժորժէթ Նասսարի կորուստը

Օրերս  Բեթղեհեմ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի նուիրեալ անդամուհիներէն՝ Թոնիա Ժորժէթ Նասսարը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին ՀԵՄ-ի կողմէ հրապարակուած մահագրութիւնը՝

ՀԵՄ-ի Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ Տիկին Թոնիա Ժորժեթ Նասսարի մահը, որ տեղի ունեցաւ ի Բեթղեհէմ։

Այս տխուր առիթով մեր անկեղծ եւ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ ազգականներուն՝ ի Երուսաղէմ եւ Բեթղեհէմ։ 

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Չորեքշաբթի 15 Ապրիլ, 2026-ին կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարէն ներս։