Պարսելոնայի մօտակայքը արուարձանային շոգեկառքը դուրս եկած է երկաթգիծէն եւ արկածի ենթարկուած, որու հետեւանքով զոհուած է շոգեկառք վարողը, վիրաւորուած է առնուազն 37 մարդ։
Տեղական իշխանութիւններու տուեալներով՝ գնացքը բախած է յենապատին, որ փլուզուած է երկաթգիծերու վրայ։
Շտապօգնութեան ծառայութիւնը յայտնած է, որ 37 վիրաւորէն 5-ը ստացած են ծանր, 6-ը՝ միջին, իսկ 26-ը՝ թեթեւ ծանրության վնասուածքներ։