image
Հրատապ լուրեր:

Ալեն Սիմոնեան Իսթանպուլի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի հետ

Ալեն Սիմոնեան Իսթանպուլի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ  Հայոց պատրիարքի հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան, հանդիպում ունեցած է պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի հետ։

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքն անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ որոշ հոգեւորականներու եւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու միջեւ առճակատումներուն՝ այդ առնչութեամբ յայտնելով  իր մտահոգութիւնները։  Նշուած է, որ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը յոյս յայտնած է, որ մօտ ապագային հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն պիտի վերահաստատուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը նաեւ ընդգծած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման սահուն ընթացքը ապահովելու կարեւորութիւնը, ապագային դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու ամրապնդումը, որ յոյս պիտի ներշնչէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու համերաշխ գոյատեւման եւ միասնական զարգացման առումով։

Նշուած է, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը յաջողութիւն մաղթած է Ալեն Սիմոնեանին ազգանուէր եւ ազգօգուտ գործունէութեան մէջ։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ալեն Սիմոնեանը ցանկութիւն յայտնած է հանդիպիլ նաեւ Իսթանպուլի մէջ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներու հետ, որ կայացած է պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։