image
Հրատապ լուրեր:

«Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել։ Այս պէտք է ըլլայ ուխտը իւրաքանչիւր հայուն». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել։ Այս պէտք է ըլլայ ուխտը իւրաքանչիւր հայուն». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել։ Այս պէտք է ըլլայ ուխտը իւրաքանչիւր հայուն». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, խօսուած Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Սրբոց Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին:

«Դա՛րձեալ Հայոց Ցեղասպանութեան խորհուրդով ու պատգամով պարուրուած է հայ կեանքը ամէնուրեք: Արդարեւ, որքան ալ տարիները մեզ հեռացնեն 1915 թուականէն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ստուեր պիտի չտեսնէ հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Որքան ալ տարիները թաւալին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը նահանջ պիտի չարձանագրէ գալիք սերունդներու հաւաքական պայքարին մէջ: Վկա՛յ՝ անցնող 111 տարիները: Վկա՛յ՝ նոր սերունդներու ամուր կամքը, վճռական ոգին ու անտեղիտալի պայքարը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ, Մենք ճշդած էինք յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել նշանաբանը: Հետագային 100-ամեակի ծրագրումի համազգային մարմինը նախընտրեց միայն «Յիշում եմ եւ Պահանջում» տարբերակը։ Սակայն, Մենք կառչած մնացինք Մեր սկզբունքային տեսակէտին վրայ, որովհետեւ, յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել սերտօրէն ընդելուզուած են, զիրար կ’ամբողջացնեն եւ ռազմավարական խորունկ իմաստ ունին»։

 

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111 ամեակը

֎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ եւ լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց ոգեկոչուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակը, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 08։00-ին:

֎ Հոծ թիւով հայորդիներու շարքին ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

֎ Լիբանան, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն քայլերգերու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վաչէ Տօնէրեան: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն հայերէն լեզուով միացեալ խօսքը արտասանեց Գէորգ Տաղլեան, իսկ արաբերէնը՝ Գրիգոր էքմէքճեան։ Ապա, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը ազգային փունջ մը երգեր հրամցուց հանրութեան։ Աւարտին, Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր հայրապետական ոգեշունչ պատգամը ուղղեց պահանջատէր մեր ժողովուրդի համայն զաւակներուն։