image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըս. Ազգային Թաւլեան Մանկապարտէզի աշակերտերը Առաջնորդարանէն ներս

Լոս Անճելըս. Ազգային Թաւլեան Մանկապարտէզի աշակերտերը Առաջնորդարանէն ներս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց Փասատինայի մէջ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր գործող Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի աւարտական դասարանի կապոյտ եւ կանաչ խումբերու մօտաւորապէս 50 մանուկ աշակերտները, որոնք իրենց ծնողներուն եւ դպրոցի պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան տօնը: 

Փոքրիկ հայկակներու երկու խումբերը իրենց անմեղունակ ներկայութեամբ եւ գեղարուեստական յայտագիրով մեծապէս խանդավառեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ գնահատական իր խօսքին մէջ ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ դեռատի սերունդի տղոց ու աղջիկներուն կողմէ ներկայացուած խմբական երգերուն ու արտասանութիւններուն անսխալականութեան մասին եւ այս առումով գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց Թաւլեան մանկապարտէզի տնօրէն՝ Տիկին Դոկտ. Կարին Չուխատարեանի եւ երկու խումբերու պատասխանատու ուսուցիչներուն ու փոքրիկներու ծնողներուն՝ նշելով, որ բերկրալի երեւոյթ է, որ տուն ու դպրոց սերտօրէն կը գործակցին եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն, հայ մանուկ աշակերտներուն հայեցի կրթութիւն ջամբելու նպատակով եւ ազգային դիմագիծի պահպանման ի նպաստ իրենց ցուցաբերած ջանադրութեամբ: 

Զմայլանք առթող պահը այն եղաւ, որ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ բոլոր փոքրիկները նաեւ մուտք գործեցին Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ եւ երկիւղածութեամբ ու հաւատքով միատեղ երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական օրհնութիւններն ու տօնական սրտագին բարեմաղթութիւնները: