ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան սրումը կանխելն է, յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերգը դաշինքի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ կայացած մամուլի ասուլիսին։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«ՆԱԹՕ-ն երկու հիմնական խնդիր ունի Ուքրանիոյ դէմ յարձակման հետ կապուած. մէկը Ուքրանիոյ աջակցութիւն ցուցաբերելն է, եւ մենք այդ կ՚ընենք պատերազմի սկիզբէն, ՆԱԹՕ-ի շատ երկիրներ օգնութիւն ցուցաբերած են Ուքրանիոյ դեռ լայնամաշտապ ներխուժումը սկսելէն առաջ։ Միւս հիմնական խնդիրն է՝ թոյլ չտալ, որ հակամարտութիւնը վերածուի լայնամաշտապ պատերազմի Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ, քանի որ այդ կը պատճառէ աւելի մեծ տառապանքներ, մահեր եւ աւերածութիւններ»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով ուքրանացի լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուի երրորդ համաշխարհային պատերազմի։
Սթոլթենպերկը նաեւ յիշեցուցած է դաշինքի բոլոր երկիրներու դիրքորոշումն այն մասին, որ «Ուքրանիոյ լիարժէք անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ անհնար է»։
«Բայց, ի հարկէ, մենք կրնանք մտածել, թէ ինչպէս կարելի է Ուքրանիան աւելի մօտեցնել ՆԱԹՕ-ին»,- աւելցուցած է Սթոլթենպերկը: