Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝
Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած արեան տուչութեան եւ ծաղկեմատոյցի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնք զեկուցեցին Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին տեղի ունենալիք արեան տուչութեան եւ ծաղկեմատոյցի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասին եւ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը խնդրեցին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները եւ ցուցմունքները փոխանցելով, գնահատեց յանձնախումբի անդամներուն նուիրուածութիւնը եւ ուժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։