Հայկական խաղային մեծ ծրագիր մը մշակման փուլին մէջ է. ան կ'ընթանայ Երեւան եւ բաց աշխարհով (օփըն-ուորլտ.– Երեւանի մէջ տեղի ունեցող, ուր խաղացողը կրնայ ազատօրէն շրջիլ քաղաքին մէջ) առաջին վիտէօ-խաղն է։ Գլխաւոր դերը կը կատարէ ռափ երգիչ Միշօն։ Ծրագրին արտադրիչը Ռաֆայէլ Թադէոսեանն է, իսկ հրապարակումը նախատեսուած է 2026 Դեկտեմբերին։
Խաղը պիտի ներկայացնէ Երեւանի գրեթէ ամբողջական վերարտադրութիւնը՝ խաղացողներուն կարելիութիւն ընձեռելով ազատօրէն շրջելու փողոցները, հաղորդակցելու կերպարներուն հետ եւ ազդելու պատմութեան ընթացքին վրայ։ Նիւթը կը կեդրոնանայ Արթիւր անունով գլխաւոր հերոսին վրայ, որ կը փորձէ բարելաւել իր կեանքը։
Ծրագիրը կը համատեղէ ազատ ձեւաչափով խաղային փորձառութիւնը, իրատեսական վարորդութիւնը, ոչ-խաղացող կերպարներով (Էն-Փի-Սի) բնակուած աշխոյժ քաղաքային աշխարհը եւ ինքնատիպ երաժշտութիւնը։ Մշակողները կը յայտնեն, որ առաջին կարճ տեսահոլովակը (թիզըր) լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ օրերուն։