«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Իսթանպուլի Սիրքէճի թաղի Անգարա փողոցի պատմական խորհրդանիշերէն մէկն է հայատէր «Ինքիլափ» գրատունը, որ յառաջիկայ 20 Ապրիլ 2026ին պիտի փակէ իր դռները։ Փակման մասին տեղեկութիւնները, թէեւ կը կապուին վերանորոգութեան աշխատանքներու հետ, տակաւին ամբողջական յստակութիւն չեն ներկայացներ հաստատութեան ապագային վերաբերեալ։
Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններու՝ նախատեսուած է նորոգութիւն՝ գրատան հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ։ Միաժամանակ, այլ աղբիւրներ կը նշեն, որ այս քայլը կրնայ նաեւ աւարտ նշանակել ներկայ ձեւով գործող գրատան համար։ Պատկերը հակասական է, հարցականներ յառաջացնելով ընթերցասէր շրջանակներու մօտ։
Վերջին օրերուն գրատան մէջ գիրքերու վաճառքը կը կատարուի զեղչով, իրողութիւն մը որ կ'ուժեղացնէ կասկածները՝ գրատան փակման կամ գործունէութեան փոփոխութեան շուրջ
«Ինքիլափ» գրատունը հիմնուած է 1927-ին, կարեւոր դերակատարութիւն մը ունենալով Իսթանպուլի եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հրատարակչական կեանքին մէջ։ Հիմնադիր Կարպիս Ֆիքրի Պէյի նախաձեռնութիւնը տարիներու ընթացքին վերածուած է ազդեցիկ հրատարակչատան, որ լոյս ընծայած է տասնեակ հազարաւոր գիրքեր՝ բազմատեսակ գրական սեռերով։
1962ին «Ինքիլափ» միացած է «Աքա» գրատան հետ եւ երկար տարիներ գործած՝ «Ինքիլափ եւ Աքա գրատուներ» անունով, մինչեւ 1984-ին վերահաստատած է իր անկախ գործունէութիւնը։ Հետագային ղեկավարութիւնը անցած է Նազար Ֆիքրիին, ապա՝ Արման Ֆիքրիին։
Վերջերս, հաստատութեան ներքին կեանքին մէջ եւս կարեւոր փոփոխութիւն մը արձանագրուեցաւ։ Փետրուար 2026ին, Առէն Շնորհքեան, որ երկար տարիներ վարած էր գլխաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, իր պարտականութիւնները փոխանցեց Մարք Ֆիքրիի։ Նոր ղեկավարութիւնը շեշտեց, որ նպատակ ունի միաւորելու հաստատութեան հարուստ ժառանգութիւնը ժամանակակից հրատարակչական մօտեցումներու հետ եւ շարունակելու գործունէութիւնը՝ նոր շունչով։
Այս բոլոր զարգացումներուն լոյսին տակ «Ինքիլափ» գրատան փակման լուրը կը դիտարկուի որպէս մէկ հաստատութեան ճակատագրի փոփոխութիւն։
Հիմնական հարցը անորոշ կը մնայ. «Ինքիլափ»ի փակումը առժամեայ հանգրուա՞ն մըն է թէ ոչ վերջնական էջ մը։ Ինչ որ ալ ըլլայ, անվիճելի է որ «Ինքիլափ» արդէն իսկ իր հաստատուն տեղը ունի Իսթանպուլի մշակութային յիշողութեան մէջ։