image

Սուրբ Նահատակաց յիշատակը՝ Պոլսոյ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Նահատակաց յիշատակը՝ Պոլսոյ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ

ՊՈԼԻՍ-Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն կը յայտնեն, թէ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, 24 Ապրիլ-ին Պոլսոյ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բարեխօսական հանդիսաւոր կարգ՝ ի յիշատակ 1915-ի տեղահանութեան ընթացքին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց իրենց կեանքը զոհաբերած եւ սրբադասուած նահատակներուն։ Արարողութեանց պիտի նախագահէ՝

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ։

Օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը պիտի մատուցանէ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան: Առաւօտեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերուն եւ քահանայից դասուն կողմէ։