Առողջապահութեան նախարարի հրամանով վերցուած են մանկապարտէզներու մէջ երեխաներու թիւին ու հեռաւորութեան վերաբերող սահմանափակումները: Այս մասին իր Դիմատետրի էջով յայտնած է Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ՝ Յակոբ Կարապետեան:
Հետեւաբար 10 մայիսին, կը վերսկսի Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող մանկապարտէզներու երեխաներու համալրումը/ընդունելութիւնը:
Մանկապարտէզներ կրկին յաճախելու հնարաւորութիւն ունին
ա/ այն երեխաները, որոնք նախապէս յաճախած են համայնքային մանկապարտէզներ, բայց սահմանափակումներու բերումով նախադպրոցական կրթութիւնը ընդհատուած է:
բ/ հիմնանորոգման պատաճառով ժամանակաւորապէս փակուած մանկապարտէզներ յաճախող երեխաները, որոնք ծնողներու համաձայնութեամբ կը համալրեն այլ մանկապարտէզներու խումբերը՝ ըստ հնարաւորութեան:
գ/ հերթագրուած երեխաները: