image

Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի կարգադրութեամբ նախնական օգնութիւններ՝ Հալէպի բախումներէն տուժածներուն

Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի կարգադրութեամբ նախնական օգնութիւններ՝ Հալէպի բախումներէն տուժածներուն

Օրերս նախաձեռնութեամբ եւ բարձր տնօրինութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պետ՝ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի նախնական օգնութիւններ բաշխուած են Հալէպի բախումներէն տուժածներուն։

Ստորեւ «Արեւելք» ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք այդ առթիւ խմբագրատանս յղուած հաղորդագրութիւնը  անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ Սուրիոյ ճգնաժամի ողջ ընթացքին Հայ Աւետ. Եկեղեցին ու մանաւանդ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը, ոչ մէկ անգամ բարձիթողի ձգեցին մեր Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի ժողովուրդը առանց խտիր դնելու հասարակութեան ամենատարբեր շերտերուն միջեւ։

Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝

Հալէպի մէջ վերջին շրջանի անվտանգային լարուածութիւններն ու զինեալ բախումները պատճառ դարձան բազմաթիւ ընտանիքներու յանկարծակի ներքին տեղահանութեան՝ զրկելով զանոնք իրենց բնակարաններէն, կենսական միջոցներէն եւ ամենահիմնական անվտանգութենէն։ Ներքին տեղահանուած այս ընտանիքները, որոնց մէջ կային կանայք, երեխաներ եւ տարեցներ, յայտնուեցան ծանր հոգեբանական, տնտեսական եւ մարդասիրական պայմաններու մէջ՝ անյետաձգելի կարիք ունենալով սնունդի, հագուստի եւ մաքուր խմելու ջուրի։ Այս իրավիճակին դիմաց, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը Երեքշաբթի, 13 Յունուար 2026-ին իր նախաձեռնութեամբ արտայայտեց քրիստոնէական սիրոյ, մարդասիրական պարտաւորութեան եւ համազգային պատասխանատուութեան կենդանի վկայութիւնը։ Մեր համայնքը բաժնեկցեցաւ իր սահմանափակ, բայց սիրով տրուած միջոցները՝ հաստատելով այն համոզումը, որ նոյն երկրի մէջ ապրող տարբեր բաղադրիչները մէկ մարմին են, եւ երբ մարմինի մէկ մասը կը տառապի, ամբողջ մարմինը կը կրէ այդ ցաւը․ հետեւաբար բոլորին պարտքն ու պատասխանատուութիւնն է ծառայել բոլորին։ Սնունդի, հագուստի եւ խմելու ջուրի կազմակերպուած բաշխումը իրականացուեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբին միջոցով՝ Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ։ Նշելի է նաեւ, որ Հալէպի քաղաքապետարանի գործադիր մարմնի պատուիրակութիւնը այցելեց Բեթէլ Եկեղեցւոյ սրահ, իր գնահատանքն ու բարոյական աջակցութիւնը յայտնելու այս մարդասիրական նախաձեռնութեան, ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը քաղաքացիական համերաշխութեան եւ հասարակական կայունութեան պահպանման մէջ։