image

Մերկասառոյցի պատճառով մեծ արկած Եղուարդի մէջ. Կան տուժածներ

Մերկասառոյցի պատճառով մեծ արկած Եղուարդի մէջ. Կան տուժածներ

Յունուար 9-ին, ճանապարհի մերկասառոյցի պատճառով խոշոր արկած տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ։ Ժամը 20։20-ի սահմաններուն Զովունի–Եղուարդ ճանապարհի Եղուարդի վարչական տարածքին մէջ բախած են «Ford», «Chevrolet» եւ «Ford Transit» մակնիշի մեքենաները։

Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, վթարի հետեւանքով 3 հոգի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։

Քննիչի յանձնարարականով մեքենաները տեղափոխուած են ոստիկանութեան Նայիրիի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք։

Ճանապարհին եղած է մերկասառոյց, եղանակն ալ՝ ձիւն ու անձրեւ։ Իսկ վիրաւորները Հնդկաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են։