Սակայն, Մարտակերտի զօրամասերէն մէկու հաւաքակայանէն ԱԻ ծառայութեան փոխանցուած է, նախնական տուեալներով, 2 զինծառայողի մասունք: Վերջիններուս ինքնութիւնը պարզ կ'ըլլայ միայն դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:
Երկու օր առաջ նոյն վայրէն փոխանցուած էր եւս մէկ զինծառայողի մասունք:
Պատերազմի օրերուն տարածքը թիրախաւորուած եւ հրկիզուած էր թշնամիի արձակած հրթիռէն: