Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբան Ճարետ Կենսըր X-ի իր էջի միջոցաւ կոչ ըրած է նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կատարելու հրապարակաւ տուած խոստումը եւ ապահովելու բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակումը։
«Պաքուի ռազմական դատարանի կողմէ Ռուբէն Վարդանեանը կեղծ մեղադրանքներով 20 տարուան ազատազրկման դատապարտելը պարզապէս արդարադատութեան ծաղր է։
Պատուարժան ձեռնարկատէր եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի միակ «յանցանքը» Լեռնային Ղարաբաղի հայ քրիստոնեայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնն էր՝ մարդոց, որոնցմէ մօտ 120,000 հոգի վտարուեցան Հայաստան եւ դարձան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած ցեղային զտման զոհերը։ Դատավարութիւնը ամբողջութեամբ կեղծիք էր, որովհետեւ քաղաքացիական անձերու ռազմական դատարանի մէջ դատելը ապօրինի է։
Դատաքննութիւնը նաեւ գաղտնի կերպով իրականացուած է՝ դատավարական բազմաթիւ ընթացակարգերու խախտումներով, ինչպիսիք են փաստաբանի հետ կապ հաստատելու բազմակի մերժումները, դատարանի կողմէ տասնեակ միջնորդութիւններու անտեսումը, որոնք, ի դէպ, նոյն իսկ ատրպէյճանական օրէնքով պէտք է քննուին քանի մը օրուան ընթացքին։
Բացի այդ, դատակոչուած «վկաներու» բառացիօրէն բոլոր այսպէս կոչուած «ապացոյցները» ասեկոսէներ էին, հետեւաբար՝ անօրինական էր զանոնք որպէս ապացոյց դիտարկելը։ Իւրաքանչիւր վկայ կը պնդէր, որ ինք կամ իր ընտանիքի անդամները տուժած են հայկական զինուորականներու կամ այլ զինուած խմբաւորումներու յարձակումներէն, սակայն Ռուբէն Վարդանեանը այդ դէպքերուն կապող «ապացոյցը» Ատրպէյճանի պետական լրատուամիջոցներէն անոր մեղաւորութեան մասին լսելն էր։ Այդ ապացոյց չէ։ Հետեւաբար, Ռուբէն Վարդանեանի դատավճիռը կը խախտէ թէ՛ միջազգային, թէ՛ ատրպէյճանական օրէնքները, եւ ան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակուի միւս 19 հայ քրիստոնեայ քաղբանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու հետ։
Ես կոչ կ՚ընեմ նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ կատարելու հրապարակաւ տուած խոստումը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ ապահովելու անոնց բոլորին ազատ արձակումը նախագահ Ալիեւէն, որ կարենան ապահով կերպով վերադառնալ Հայաստան»։