Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղըցւոյ պետ՝ համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, օրերս, իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Ժողովի անդամները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Ժողովի անդամները։
Հանդիպումը դարձաւ բաժնեկցութեան եւ քաջալերանքի առիթ։
Վերապատուելին լսեց ներկաներու զեկուցումները՝ շրջանի կացութեան մասին, եկեղեցական ծառայութիւններուն ընթացքին եւ համայնքային առօրեայ մարտահրաւէրներուն։
Վերապատուելին խրախուսեց անոնց եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ծրագիրներուն։

