image

Մարտակերտի մէջ յայտնաբերուած է 2 զինուորի աճիւն

Մարտակերտի մէջ յայտնաբերուած է 2 զինուորի աճիւն

 

Երէկ Արցախի հարաւային թեւին մէջ Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարար ջոկատներու որոնողական աշխատանքները արդիւնք չեն տուած:

 

Սակայն, Մարտակերտի զօրամասերէն մէկու հաւաքակայանէն ԱԻ ծառայութեան փոխանցուած է, նախնական տուեալներով, 2 զինծառայողի մասունք: Վերջիններուս ինքնութիւնը պարզ կ'ըլլայ միայն դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:

Երկու օր առաջ նոյն վայրէն փոխանցուած էր եւս մէկ զինծառայողի մասունք:

Պատերազմի օրերուն տարածքը թիրախաւորուած եւ հրկիզուած էր թշնամիի արձակած հրթիռէն: