Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան ու Արուեստներու հիմնարկները համատեղ հրատարակեցին թրքական թատրոնի պատմութեան ու մշակութային յիշողութեան նուիրուած արժէքաւոր գիրք մը, որ լոյս կը սփռէ պատմական փաստերու վրայ, ի մի կը բերէ յուշագրական նիւթեր եւ գաղափարական վերլուծութիւններ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ հրատարակութիւնը ընթերցողին կը ներկայացնէ ո՛չ միայն թատրոնի անցած ճամբան, այլ նաեւ հասարակական ու մշակութային այն միջավայրը, ուր արուեստը յաճախ ստիպողաբար կը գոյատեւէր «անընդունելիութեան» ու կանխակալ կարծիքի պայմաններու տակ։
Այս հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յասմիկ Ստեփանեանի կողմէ, նուիրուելով գիտական ու մշակութային ժառանգութեան մեծ նուիրեալ, ականաւոր գիտնական եւ արեւմտահայ թատրոնի պատմաբան Գառնիկ Ստեփանեանի յիշատակին։
Աշխատութեան առանցքի վրայ կանգնած է Ահմէտ Ֆեհիմ Պէյի կերպարը՝ որպէս թրքական թատրոնի պատմութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Գրքի մէջ լոյս կը սփռուի այն ժամանակաշրջանի վրայ, երբ դերասանի ասպարէզը հասարակութեան կողմէ կ'ընկալուէր որպէս անլուրջ, աւելի՛ն, նոյնիսկ նուաստացուցիչ զբաղում մը։ Այդ տարիներուն դերասանները յաճախ զրկուած կը մնային ընկերային իրաւունքներէն ու արժանապատուութենէն։
Յուշերու եւ պատմական վկայութիւններու ընդմէջէն գրասէրները կրնան յայտնաբերել թէ ինչպիսի դժուար ճամբայէ մը անցած են արուեստի մարդիկը՝ հասարակութեան կողմէ ընդունելի դառնալու համար։
Գիրքը յատուկ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ Ահմէտ Ֆեհիմ պէյի պատմական առաքելութեան վրայ. ան յաջողած էր փլցնել դերասանի կերպարի շուրջ ձեւաւորուած «միմոս»ի կնիքը, վերափոխել հասարակութեան ընկալումները եւ դերասանը ներկայացնել որպէս կրթուած, արժանապատիւ ու յարգելի անձ։
Այս գաղափարական շրջադարձը գրքին մէջ կը դիտարկուի որպէս թատրոնի զարգացման հիմնական հանգրուան, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է հետագայ սերունդներուն վրայ։
Հրատարակութիւնը պատրաստուած է ընթերցողին յարմար ձեւով մը, ընդգրկելով թէմային յատուկ բաժիններ, վերլուծական հատուածներ, պատմական դիտարկումներ եւ յուշագրական բացառիկ նիւթեր։
Գրքի վերջնամասին մէջ ներառնուած են նաեւ Ահմէտ Ֆեհիմ Պէյի աշակերտներու ու ժամանակակիցներու վկայութիւնները, որոնք կ'ամբողջացնեն պատմական պատկերը։
Յասմիկ Ստեփանեան իր «Երկու խօսք»ին մէջ կը յիշեցնէ որ Ահմէտ Ֆեհիմ Պէյ բեմ ելած է հայ նշանաւոր դերասանապետերուն հետ, մաս կազմած է հայկական թատերախումբերու, որպէս առաջին թուրք դերասան։ «Իր յուշերը իր ապրած կեանքի ժամանակագրութիւնն են։ Անոնք չափազանց կարեւոր են այն առումով, որ հեռու կը մնան ակադեմական շարադրութենէ, նաեւ այդ յուշերուն մէջ հայ թատրոնի դերասաններու ներկայացումներու մասին կը տրուին ո՛չ միայն մասնագիտական, այլ նաեւ ակադեմական արժեւորումներ», կ'ըսէ Ստեփանեան, աւելցնելով որ Ահմէտ Ֆեհիմ Պէյի ճամբաները խաչաձեւուած էին թատրոնի խումբ մը հայ դերասաններու հետ, որոնք ներկայացումներ կը սարքէին «Արեւելեան թատրոն»ի մէջ. անոնց կարգին էին Մնակեան, Ֆասուլիաճեան, Պինէմէճեան, Մաղաքեան, Վարդովեան, եւ բազմաթիւ ուրիշ անուններ։
Այս հատորը նախապէս լոյս տեսած է թրքերէնով Հաֆի Գատրի Ալփմանի հեղինակութեամբ։ Թրքերէնէն հայերէն թարգմանութիւնները կատարած են Գառնիկ Ստեփանեան ու Յասմիկ Ստեփանեան։
Աշխատութիւնը կարեւոր ներդրում մըն է թատրոնի պատմութեան ուսումնասիրութեան, նաեւ մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու տեսակէտէ։ Կը յիշեցնէ որ արուեստը կը ծնի ու կը կայանայ անդադրում ջանքերու շնորհիւ։