Սուրիա հրապարակուող «Ալ Ժամահիր» պարբերականի աշխատակիցներէն՝ Անթուան Պասմաճի օրերս քրոնիկ մը յատկացուցած է Սուրիոյ ամենատարեց հայ կնոջ՝ Մարի Գազանճեանին։
Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ անցնող դարու դառնութիւնները եւ մեծ իրադարձութիւնները տեսած հայուհին այսօրուան կտրուածքով կը համարուի Հալէպ քաղաքի ամենտարեց քաղաքացին։
«Արեւելք» թարգմանաբար մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք սուրիացի լրագրողին գրութիւնը։
Իրարայաջորդ գաղթերով յատկանշուող Հալէպի ամենատարեց կնոջ՝ Մարի Տաուտ Գազանճեանի (1914 ծնունդ) կեանքը թերեւս իր մէջ կը պարփակէ շատ մը դաժան պատմութիւններ: Բաւական է նայիլ անոր դէմքին, եւ ձեր երեւակայութեամբ կը տեղափոխուիք համաշխարհային պատերազմի պատմութեան էջեր, լիովին ընկալելով իրադարձութիւններու դիպաշարը՝ սկսած կոտորածներէն, որոնց ենթարկուած են հայերը օսմանեան կայսրութեան օրով, մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ:
Երկարակեաց Մերին իր ապրած կեանքի ընթացքին տեսած է Օսմանեան կայսրութենէն Սուրիոյ անկախութեան հռչակումը (1920-ին), երբ ան դեռ 6 տարեկան էր, նաեւ Սուրիոյ անկախացումը՝ ֆրանսական գաղութատիրութենէն (1946-ին)։
Հայուհին նաեւ ականատես եղած է 1948-ի պատերազմին, 1967-ի պարտութեան , 1973-ի հոկտեմբերեան պատերազմին, հասնելով մինչեւ մեր օրերը՝ ապրելու համար Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմի ամբողջ դառնութիւնը։
Յաջորդական գաղթերը հարուածի տակ դրած են 107-ամեայ կնոջ կեանքը: Մարին ապրած է Ռաքքա նահանգի ենթակայ Թէլ-Ապիատ քաղաքին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Աին ալ-Արապ (Արաբունար), իսկ 2015-ին, գտնուելով անօգնական վիճակի մէջ, փոխադրուած է Հալէպի հայկական համայնքին պատկանող «Սուրբ Ներսէս» անկելանոցը։
Տեսնելով ժամանակի ընթացքին անոր դէմքին ուրուագծուած կնճիռները, ինքնաբերաբար կը մտաբերէք անոր ապրած թափառականի «երկար» կեանքը: Կը տեսնէք անոր ծանրաշարժութիւնը, որուն պատճառով երբեք դուրս չի գար ծերանոցի պարիսպներէն. ան իր ամենօրեայ ռիթմով կը շրջի անկիւնէ անկիւն, իր տարեց ընկերներուն հետ կը մասնակցի առօրեայ բոլոր ծրագրերուն, սկսած՝ առաւօտան նախաճաշէն, մինչեւ՝ ճաշ եւ ծերանոցէն ներս կազմակերպուող տօնակատարութիւններ:
Նշենք, որ Հալէպի Պուսթան ալ-Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Ծերանոցի հիմնական շէնքը պատերազմի ընթացքին քանդուած է, տարեցները լքած են այն 2012 թուականին եւ տեղափոխուած են «Վերժին Կիւլպէնկեան» Ծննդատուն-հիւանդանոց, որուն մէկ մասը սկսած է ծառայել որպէս Ծերանոցի շէնք: Հայ Ծերանոցը անուանակոչուած է Մեծն Ներսէս հայրապետի անունով, որ հինգերորդ դարուն տարենցերու տուն հիմնած էր Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հիմնադած էր հիւանդանոցներ, որբանոցներ եւ բարեգործական տուներ:
«Ալ-Ժամահիր»
Անթուան Պասմաճի