image

Մարդը «Պատկերին միւս երեսին» ընդմէջէն. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

Մարդը «Պատկերին միւս երեսին» ընդմէջէն. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

Սփիւռքահայ ազգային հասարակական եւ քաղաքական կեանքի տիրական դէմքերէն եղած է այսօրուան մեծարեալը։ Սերունդի մը վերջին ներկայացուցիչներէն, որոնք առաջնորդութիւն տուած են սփիւռքին։ Իր ծննդավայր Քէսապէն մինչեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտութենէն մինչեւ դեղագործական ասպարէզ եւ ազգային ծառայութեան երկար տասնամեակեր Պէյրութի եւ Ամերիկայի հեռաւոր այս ափերը։ Ահա՛ կեանքի ուղին Փանոս Թիթիզեանի։ 

Գրեթէ եօթ տասնամեակ ան գտնուած է  ազգային ծառայութեան մէջ՝ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միջոցով։ Դեղագործութեան կողքին ան եղած է գիտութեան ուսուցիչ Պէյրութի Հ․Բ․Ը․ Միութեան մանչերու Յովակիմեան Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Մաս կազմած է Հ․Բ․Ը․ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Առողջապահական յանձնախումբին, Ռ․Ա․Կ․ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թէքէեան վարժարանի Հոգաբարձութեան մարմնին։ 

Արդիւնաւէտ եղած է Փանոս Թիթիզեանի գործունէութիւնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ապահովութեան եւ մանաւանդ բարեկեցութեան վերականգնման ճիգերուն մէջ։ Ան ատենապետած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ ի նպաստ լիբանանահայութեան Հ․Բ․Ը․Մ․-ի ստացած 1 միլիոն տոլարի տնօրինման մարմնին, ինչպէս նաեւ իբրեւ Հ․Բ․Ը․ Միութեան ներկայացուցիչ, մաս կազմած է լիբանանահայութեան վերականգնումի AFED-ի եւ COMARES-ի մարմիններուն։  

Լիբանանի դեղագործներու սենտիքայի անդամութեան բերումով եւ մանաւանդ իր յայտնի դարձած դեղարաններու այցելուները եղած են Լիբանանի հանրապետութեան նախագահներ, բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներ, պաշտօնեաներ եւ լիբանանեան կուսակցապետեր։ Տեղացի պետական թէ քաղաքական դէմքերու հետ իր յարաբերութիւնները լաւագոյնս օգտագործած է ի նպաստ լիբանանահայութեան՝ իր միջամտութիւններով եւ բարեխօսութիւններով լուծելով քաղաքական թէ լիբանանահայ անձերու հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր։

Հակառակ ազգային կեանքէն ներս յառաջացած քաղաքական նոր իրողութիւններուն, վերիվայրումներուն եւ տագնապներուն, Թիթիզեան մնաց ջատագովը եւ անդրդուելի հաւատացողը Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի նախամեծարութեան, Հ․Բ․Ը․ Միութեան ազգաշէն գործունէութեան եւ Ռ․Ա․Կ․-ի վերականգնումի անհրաժեշտութեան։      

Փանոս Թիթիզեանի ազգային-քաղաքական հաւատամքը խարսխուած է հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ․ ազգային կեանքի մէջ միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն, քաղաքական-գաղափարական արեւելումի մէջ՝ ազատական ռամկավարութիւն։ Այս սկզբունքներուն տարածումին եւ պաշտպանութեան ընթացքին Թիթիզեան աջերուն կողմէ նկատուած է ձախակողմեան, իսկ ձախերն ալ զինք համարած են երդուեալ աջակողմեան։ 

Իր ազգային-քաղաքական բեղուն գործունէութեան ընթացքին մեծարեալը փայլած է նաեւ որպէս հրապարակագիր։ Ազգային, շրջանային թէ միջազգային հարցերու նուիրուած իր յօդուածներուն ընդմէջէն մենք կը տեսնենք Թիթիզեանի վերլուծական միտքը, քաղաքական սուր հոտառութիւնը, առարկայական դատումները եւ համոզիչ եզրակացութիւնները։ Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, ան տակաւին նոյն ջերմեռանդութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ ազգային թէ միջազգային կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններուն եւ արձագանգել մամուլին մէջ լոյս տեսնող իր ուշագրաւ գրութիւններով։

Փանոս Թիթիզեան ազգային-քաղաքական գործիչին մեծարման եւ իր կեանքի ուղին ներկայացնող հատորին՝«Պատկերին Միւս Երեսը» լոյս ընծայման առիթով մենք նոյնպէս, որպէս իր կրտսեր գործակիցը, ուզեցինք յարգանքի մեր անկեղծ խօսքը արտայայտել եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել աւագ ընկերոջ եւ ղեկավարին, ըսելով․ 

«Պատի՛ւ արժանաւորաց»

 

Նիւթը՝ «Պայքար»էն