image

Թրամփ կ՚ուզէ հնարաւորինս շուտ հանդիպիլ Փութինին

Թրամփ կ՚ուզէ հնարաւորինս շուտ հանդիպիլ Փութինին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփ կ՚ուզէ հնարաւորինս շուտ հանդիպիլ Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինին։ Ան այդ մասին ըսած է «Newsmax» հեռուստաալիքի հետ զրոյցին։

«Ես գիտեմ, որ ան (Փութիւնը- խմբ.) կը ցանկայ հանդիպիլ, եւ ես կը պատրաստուիմ շատ շուտ հանդիպելու: Կը փափաքէի, որ այդ աւելի շուտ տեղի ունենար: Բայց նախ պէտք է ստանձնել պաշտօնը», - նշած է Թրամփ:

Թրամփի ապագայ խորհրդական Մայք Ուոլցը «ABC News»-ին ըսած է, որ Ռուսիոյ առաջնորդի եւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի միջեւ հեռախօսային բանակցութիւն կրնայ տեղի ունենալ մօտ ապագային։

Թրամփն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ կ՚ուզէր Փութինին հանդիպիլ իր նախագահութեան առաջին վեց ամիսներու ընթացքին։ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը նշած է, որ Փութինը պատրաստ է հանդիպելու Միացեալ Նահանգներու նոր գործընկերոջ հետ առանց որեւէ պայմանի, թէեւ, ըստ անոր, դեռ որեւէ յստակութիւն չկայ։