Անտարակոյս հայաշխարհը ՝ Հայաստան եւ Սփիւռք կ ՚ապրին բախտորոշ ժամանակներ, որոնք լի են անկանխատեսելի զարգացումներով ՝ որոնց աշխարհաքաղաքական եւ նոր աշխարհակարգի վերջնարդիւնքէն պիտի կայանայ նոր ժամանակներու «Նոր Հայաստանը» եւ անկէ բխող Հայաստան-Սփիւռք նոր որակի յարաբերութիւնները։
Աշխարհաքաղաքական իմաստով Հայաստանի ապագան մեծ հաշուով առնչուած է Արեւմուտք-Ռուսաստան ռազմական, տնտեսական, քաղաքական եւ քաղաքակրթական առճակատումէն։ Հայաստան գտնուելով այդ քաղաքական եւ քաղաքակրթական խաչմերուկի կիզակէտին վրայ, անպայման պիտի ենթարկուի ցնցումներու, որոնց վառ օրինակը մեր բազմադարեայ պատմութիւնն է։ Կասկածէ վեր է, որ այս առճակատման պայմաններուն իւրաքանչիւր աշխարհաքաղաքական ոյժային կեդրոն պիտի առաջնորդուի նախ իր մեծապետական շահերով՝ յաճախ հաշուի չ ՝առնելով փոքր երկիրներու ազգային եւ գոյութենական կարեւոր առանձնայատկութիւնները։ Իսկ Հայաստան նկատի առնելով աշխարհագրական իր բարդ եւ ոչ բարեկամական երկիրներով շրջապատուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք ունէր յուսալի ռազմավարական դաշնակիցի կամ դաշնակիցներու, պաշտպանելու համար իր սահմանները, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։
1991-ին Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Հայաստան վերանկախացաւ, ինչպէս Միութեան կազմի մէջ մտնող միւս հանրապետութիւնները։ Նախկին Միութեան հանրապետութիւններէն Լաթվիա, Լիթուանիա եւ Էսթոնիա անմիջապէս մերժեցին միանալ 1991-ի Դեկտեմբեր 8-ով հռչակուած «Անկախ Պետութիւններու Համախմբում» (ԱՊՀ) անունով կառոյցին, որ որպէս կանոնագիր եւ սկզբունքներ ընդունեց Ալմա- Աթայի Հռչակագիրը։ Այստեղ ակներեւ էր որ այս ձեւափոխումը ոչ այլ ինչ էր քան փորձ վերականգնելու նախկին Խորհրդային Միութիւնը։ Թէ ինչու՞ Հայաստան չհետեւեցաւ Պալթեան երկիրներու օրինակին անհասկնալի էր, փոխարէնը Հայաստան 1992-ին միացաւ «Հաւաքական Անվտանգային Պաշտպանական Համակարգին» (ՀԱՊԿ) իսկ 1997-ին ստորագրեց Հայաստան-Ռուսաստան պաշտպանական փոխադարձ պայմանագիր, իսկ յետագային ՝ 2013-ին Հայաստան միացաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ)։
Հայաստանի բոլոր ժամանակներու իշխանութիւնները ՀԱՊԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան «արդարացիութիւնը» կը պատճառաբանէին «անվտանգութեան նկատարումներից ելնելով»։ Թէ վերոնշեալ կառոյցներու անդամակցութիւնը ինչպէս «նպաստեց» մեր հայրենիքի անվտանգութեան եւ սահմաններու պաշտպանութեան ( Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու եւ Արցախի կորուստ), զայն կը թողունք ընթերցողի արդար եւ խղճամիտ գնահատականին։
Նշենք որ Ռուսաստանի նախագահը վերջերս, Նոյեմբերի 28-ին, Ասթանայի մէջ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի ընթացքին հետեւեալը յայտարարեց.- «Ղարաբաղի հետ կապուած իրադարձութիւնները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։ Չէ՞ որ Հայաստանը չէ ճանչցած Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն եւ, ի հարկ է, Ղարաբաղը չէ ներառած իր պետական համակարգին մէջ»։ Իսկ աւելին, ան նաեւ նոյն գագաթաժողովի ընթացքին, յայտարարեց թէ «Ատրպէյճան ներխուժած չէ Հայաստանի սահմաններէն ներս»։ Սա Ռուսաստանի նախագահի երրորդ ուղղակի «մեղադրանքն» է ուղղուած Հայաստանի ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը չճանչնալու համար։
Մինչ այս «մեղադրանքը», Ռուսաստանի նախագահը Արցախի Անկախութիւնը չճանչնալու համար Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն «քննադատած» է մի քանի անգամ։ Առաջին անգամ Փութին ուղղակի կերպով այս մասին խօսած է 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, իր յայտնի 2020-ի Նոյեմբերի 17-ի ասուլիսի ժամանակ, որտեղ հետեւեալը յայտարարած է.- «Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի որպէս անկախ, ինքնիշխան պետութեան ճանաչմանը կամ չճանաչմանը, ապա այդ մէկը կարելի է տարբեր կերպ գնահատել, այդ, անկասկած, էական գործոն կ՚ ըլլար վերջերս ավարտուած արիւնալի պատերազմի ընթացքին։ Որովհետեւ Ղարաբաղի, նաեւ Հայաստանի չճանչնալու պարագան էապէս իր հետքը թողած է իրադարձութիւններու ընթացքի եւ ընկալման վրայ։ Այստեղ պէտք է ուղիղ խօսիլ, ժամանակին Վրաստանի նախկին ղեկավարութեան յանցաւոր, անկասկած, գործողութիւններէն յետոյ նկատի ունիմ Հարաւային Օսէթիայի մեր խաղաղապահներու դէմ հարուածները, Ռուսաստանը ճանչցաւ Հարաւային Օսէթիայի եւ Ապխազիայի անկախութիւնը։ Մենք արդարացի ենք ճանչցած Խրիմի մէջ ապրող ժողովուրդի անկախութեան հանրաքուէն եւ այնտեղ ապրող մարդոց ՝ Ռուսաստանի հետ վերամիաւորուելու ձգտումը, մենք ընդառաջեցինք մարդոց, այդ ըրինք բացայայտ։ Ոմանց, այդ կրնայ նպաստաւոր ըլլալ իսկ ոմանց ոչ, բայց մենք այդ ըրինք նկատի ունենալով այնտեղ ապրող մարդոց շահերը եւ նկատի ունենալով ողջ Ռուսաստանի շահերը, եւ մենք չենք ամչնար այս մասին ուղիղ խօսելէ։ Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղին, այդ մէկը տեղի չ՚ ունեցաւ եւ այդ մէկը ի հարկ է էական ազդեցութիւն ունեցաւ այնտեղ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն վրայ»։
Արցախի Անկախութիւնը չճանչնալու համար Ռուսաստանի նախագահը Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն երկրորդ անգամ քննադատած է 2022-ին Ապրիլ 26-ին Մոսկուայի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիո Քուտերեշի հետ հանդիպման ժամանակ, որտեղ Փութին խոսած է Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանի խորհրդատուական եզրակացութեան մասին ՝ պաշտպանելով Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու անկախութեան հռչակումն ու Ռուսաստանի կողմէ անոնց անկախութեան ճանաչումը։
Ռուսաստանի նախագահը դարձեալ անուղղակի քննադատած է Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւնները Արցախի Անկախութիւնը չճանչնալու համար այս անգամ 2022-ին Սեպտեմբեր 7-ին Վլատիվոստոկի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան Տնտեսական 7-րդ համաժողովի լիագումար նստաշրջանին, որտեղ միջազգային իրաւական բանաձեւերու, մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Քոսովոյի անկախութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանի խորհրդատուական եզրակացութեան յղումով, Ռուսաստանի նախագահը պաշտպանած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը։
Ռուսաստանի նախագահը անգամ մը եւս անուղղակիօրէն քննադատական խօսք ըսած է Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն Արցախի Անկախութիւնը չճանչնալու համար 2022-ին Յունիսի 17-ին Սէն- Փեթերպուրկի Ափրիկէի եօթ պետութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ։ Խօսելով ռուս-ուքրանիական պատերազմի մասին, Ռուսաստանի նախագահը յղում ընելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, հիմնաւորած է Ռուսաստանի իրաւացիութիւնը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու անկախութեան ճանաչման եւ անոնց հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան մասին պայմանագրերու ստորագրման առիթով։
Արցախի Անկախութիւնը չճանչնալու համար եւ արդէն հինգերորդ անգամ ըլլալով Ռուսաստանի նախագահը քննադատած է Հայաստանի ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններուն 2023-ին Հոկտեմբերի 5-ին մասնակցելով «Վալտայ» միջազգային ակումբի 20-րդ հանդիպման լիագումար նիստի։ Ռուսաստանի նախագահը մասնաւորապէս ըսած է.-« Երբ Ղարաբաղը հռչակեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք չճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանը, ինչը, անկեղծօրէն ինձ համար տարօրինակ է, բայց, այնուամենայնիւ, որոշումը այդպիսին է եղած։ Անոնք չեն ճանչցած Ղարաբաղի անկախութիւնը»։
Ընթացիկ տարուայ Նոյեմբերի 28-ին Ասթանայի մէջ Ռուսաստանի նախագահի Հայաստանի ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններու հասցէին հնչեցուցած «մեղադրանքներն» ու «քննադատութիւնները» թիւով վեցերորդն են։
Ժամանակը եւ Քոսովոյի, Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խրիմի, Ապխազիոյ, Հարավային Օսէթիոյ եւ այլոց անկախութիւններու ճանաչումները ցոյց տուին որ Արցախի անկախութեան չճանաչման Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններու դիրքորոշումները ՍՆԱՆԿ եւ ՀԻՄՆԱԶՈՒՐԿ էին։
Վերջաբան.-
Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան անվտանգային ճարտարապետութիւնը ԼԻՈՎԻՆ ՁԱԽՈՂԱԾ Է։ Հայաստանը պարտաւոր է ընտրել յուսալի ռազմավարական դաշնակիցներ։ Ինչու՞ Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւնները ցարդ չեն պատասխանէր վերոնշեալ «մեղադրանքներուն» եւ «քննադատութիւններուն»։
Գէորգ Հալէպլեան