Կ՚ակնկալեմ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպում՝ յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան՝ մեկնաբանելով Նիկոլ Փաշինյանի հետ երէկ ունեցած հեռախօսազրոյցը։
Ան X-ի էջին գրառում կատարած է, տեղեկացնելով, որ ՀՀ վարչապետի հետ քննարկած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու դրական ընթացքը, հայկական կողմին յայտնած է Եւրոպական միութեան հանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու Հայաստանի հետ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները:
Քոշթայի խօսքով՝ ԵՄ-ն պատրաստ է նաեւ խորացնելու անվտանգութեան, տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմ գործակցութիւնը: